Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Մարալ Այվազի Նոր Տեսահոլովակը

Մարալ Այվազի Նոր Տեսահոլովակը

by MassisPost

Պոլսահայ յայտնի մեներգչուհի Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճու վերջերս հրապարակ հանեց նոր տեսահոլովակ մը: Տեսահոլովակը նկարահանուեցաւ «Անվերջ Խաւար» անուն երգին, որ յօրինուած է յայտնի արուեստագէտ Արա Տինքճեանի երաժշտութեամբ և Մարալ Այվազի խօսքերով: Արա Տինքճեանի այս յօրինումին բուն անունն է «Փիքչըր», որ անցեալին զանազան երկիրներու մէջ բազմաթիւ լեզուներով նաեւ երգուած է: Մարալը արդէն այս երգին տեղ տուած էր իր անդրանիկ սկաւառակին մէջ, որը լոյս տեսած էր Յունիս 2019ին:

Երգչուհին, պատերազմներէ տուժած մարդոց ցաւն ու տառապանքը արտայայտելու նպատակով գրի առած է այս երգին բառերը: Ան յետոյ կը մտածէ, որ երգի բառերու խորհուրդը ձեւափոխուի պատգամակիր գծանկարներու և այդպէսով անմեղ մարդոց ենթարկուած սրտաճմլիկ իրադարձութիւնները հանրութիւններու ուշադրութեան յանձնուին: Վերջապէս կ՚ունենանք աշխուժութիւն եւ ոգեւորութիւն ստեղծող տեսահոլովակ մը, որ պատրաստուած է Երեւանցի արուեստագէտ Հայկ Սայատեանի կողմէ, իսկ Մարալի նկարահանումները կատարուած է Յարութիւն Տավուլճեանի կողմէ: Երգչուհին տեսահոլովակի վերաբերեալ զգացումներն ու մտածումները կը բացատրէ հետեւեալ խօսքերով.

«Պատմութեան հին օրերէն սկսեալ մարդիկ անընդհատօրէն կը պատերազմին մանաւանդ աշխարհաքաղաքական պատճառներու և երկիրներու շահամոլիկ հաշիւներու հետեւանքով: Պատերազմը, աշխարհի անվերջանալի իրականութիւնն է: Մահեր, կոտորածներ, աւերածութիւններ, ոչնչացումներ, պարտադիր տեղահանութիւններ եւ այդ տեղահանութեանց ընթացքին անմարդկային ցաւալի վերաբերումներ: Դժբախտաբար մեծ տէրութիւններ դասեր չեն քաղած այս ողբերգութիւններէն, իսկ տառապողները կ՚ ըլլան միայն երախաներն ու անմեղ բնակիչները: Ես այս երգով ուզեցի դառնալ որդեկորոյս մայրերու ձայնը, որովհետեւ գիտեմ մեղեդիներու այն ոյժը, որ շուտով կը հասնի բոլորին և կը յիշեցնէ մեզ մեր անհատ ըլլալը։»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment