Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպական Խորհրդարանի 120 Անդամներ Պահանջած Են Ազատ Արձակել Ատրպէյճան Պահուող Հայ Ռազմագերիները

Եւրոպական Խորհրդարանի 120 Անդամներ Պահանջած Են Ազատ Արձակել Ատրպէյճան Պահուող Հայ Ռազմագերիները

by MassisPost

Եւրոպական Խորհրդարանի 120 պատգամաւորներ նամակով դիմած են Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն՝ կոչ ընելով գործօն քայլեր ձեռնարկելու Ատրպէյճան պահուող հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու նպատակով։ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ՝ Ուրսուլա Ֆոն Տէր Լայէն եւ ԵՄ խորհուրդի ղեկավար՝ Շարլ Միշելին ուղղուած նամակի բովանդակութիւնը թուիթըրի իր էջով Մայիս 4-ին հրապարակած է Եւրոպական խորհրդարանի Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (EPP) խմբակցութեան փոխնախագահ, պուլկարացի պատգամաւոր՝ Անտրէյ Քովաչեւը։

Ուղերձին տակ ստորագրած եւրոպացի պատգամաւորներու գնահատմամբ՝ Ատրպէյճան պահուող հայ ռազմագերիներու թիւը թերեւս գերազանցած է 200-ը։ «72 հոգիի պարագային, Ատրպէյճան խոստովանած է, որ այդ մարդիկ իր մօտ են։ 112 մարդու պարագային Ատրպէյճան որեւէ տեղեկատուութիւն չէ տրամադրած, եւս 61 անձանց գերեվարութեան մասին տեղեկութիւնները Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կտրականապէս կը հերքեն, չնայած այն հանգամանքին, որ փաստերը հակառակը կը վկայեն», – նշած են նամակի հեղինակները, պնդելով նաեւ, որ Ատրպէյճանի գործողութիւնները «Ժընեւեան համաձայնագրի յստակ եւ բացարձակ խախտում են»։

«ԵՄ այլեւս չի կրնար Հայաստանը ձգել նման անտանելի վիճակի մէջ։ Հարկաւոր է դիմել այնպիսի քայլերու, որոնք թոյլ չեն տար, որ բռնի ուժը անգամ մը եւս գերակայութիւն ստանայ օրէնքին հանդէպ», – նշուած է Եւրոպական խորհրդարանի 120 անդամներու կողմէ ստորագրուած նամակին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment