Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պայտընի Վարչակազմը Պիտի Չսառեցնէ Ֆինանսական Օժանդակութիւնը Ատրպէյճանին

Պայտընի Վարչակազմը Պիտի Չսառեցնէ Ֆինանսական Օժանդակութիւնը Ատրպէյճանին

by MassisPost

Չնայած նախընտրական յայտարարութիւններուն, ամերիկահայերուն ու քոնկրէսականներուն տրուած խոստումներուն` Ճօ Պայտընի վարչակազմը չի սառեցներ ֆինանսական օժանդակութիւնը Ատրպէյճանին, գրած է Ուաշինկթոնին մէջ լոյս տեսնող The Hill պարբերականը: Ճիշդ հակառակը, ըստ հրապարակման, գործող վարչակազմը, հետեւելով իր նախորդներու օրինակին, արդէն իսկ ծանուցում ուղարկած է Քոնկրէս` Ատրպէյճանի դէմ ընդունուած 907-րդ լրացումը սառեցնելու մասին:

Ըստ The Hill պարբերականին, պետական քարտուղար՝ Պլինքըն, Քոնկրէս ուղարկած է Ապրիլ 26-ին` նախագահ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն երկու օր անց։

Նախագահ Պայտըն   քննադատած էր իր նախորդը՝ Տանըլտ Թրամփը՝ Ղարաբաղեան վերջին պատերազմին որդեգրած կրաւորական դիրքին համար՝ պահանջելով ճնշում գործադրել եւ կանգնեցնել ատրպէյճանական զօրքերու առաջխաղացումը դէպի Ղարաբաղ: «Վարչակազմը պէտք է ամբողջութեամբ կեանքի կոչէ 907-րդ լրացումը, դադրեցնելով ռազմական սարքերու հոսքը Ատրպէյճան», – պատերազմի օրերուն յայտարարած էր այն ժամանակ դեռ նախագահի թեկնածու՝ Ճօ Պայտըն:

Նախագահական ընտրութիւններէն ու Պայտընի յաղթանակէն յետոյ, այդ տեսակէտը նաեւ պետական քարտուղարի թեկնածու՝ Էնթընի Պլինքըն պաշտպանած էր քոնկրէսական լսումներուն: «Եթէ ես հաստատուիմ պետական քարտուղարի պաշտօնին, կ’աշխուժացնեմ ԱՄՆ-ի ջանքերը` գտնելու Ղարաբաղի խնդրի յարատեւ կարգաւորում, որ կ’երաշխաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութիւնը եւ կը բացառէ նոր պատերազմի բռնկումը», – ըսած էր Պլինքըն` հաւաստիացնելով, որ Պայտընի վարչակազմը պատրաստ է հարկ եղած պարագային գործի դնել թիւ 907 լրացումը ու դադրեցնել Ատրպէյճանին յատկացուող օժանդակութիւնը:

Այս տարուայ Փետրուարին, աւելի քան հարիւր քոնկրէսականներ, թէ՛ դեմոկրատական, թէ՛ հանրապետական ճամբարներէն կոչ ըրած էին նոր վարչակազմին հաւատարիմ մնալու այդ խոստումներուն եւ պատժամիջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու նկատմամբ եւ կասեցնելու ամերիկեան օժանդակութեան տրամադրումը Պաքուին:

Անցած շաբաթ, սակայն, պարզ դարձաւ, որ Պայտընի վարչակազմը առայժմ չի պատրաստուիր կտրուկ փոփոխութիւններ ընել: Ապրիլ 28-ին Ատրպէյճանի նախագահական նստավայրը հաղորդեց, որ Իլհամ Ալիեւի հետ առաջին հեռախօսազրոյցի ընթացքին, պետական քարտուղարը հաւաստիացուցած է, որ Ուաշինկթոն կը շարունակէ ռազմական օժանդակութիւնը Պաքուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment