Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թուրքիոյ Խորհրդարանը Պայտընի Որոշումը Դատապարտող Բանաձեւ Ընդունած է

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Պայտընի Որոշումը Դատապարտող Բանաձեւ Ընդունած է

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանը դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչելու ԱՄՆ-ի նախագահի որոշումը` զայն համարելով անհիմն: Խորհրդարանի ընդունած բանաձեւը հրապարակուած է Թուրքիոյ պաշտօնական տեղեկագրով:

Ապրիլ 27-ին տեղի ունեցած քուէարկութեամբ, բանաձեւին դէմ քուէարկած է քրտամէտ համարուող Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան խմբակցութիւնը: Միւս խմբակցութիւնները` իշխանական, իշխանամէտ, ընդդիմադիր եւ ազգայնական, կողմ քուէարկած են:

«Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը խստօրէն կը դատապարտէ եւ կը մերժէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտընի 2021 թուականի Ապրիլ 24-ի յայտարարութիւնը 1915 թուականի իրադարձութիւններուն մասին, որ հիմնուած է հայկական լոպպիի պնդումներուն վրայ: Անոնք անհիմն են եւ որեւէ նշանակութիւն չունին, բացի պատմական փաստերու խաթարումէն», – նշուած է Թուրքիոյ խորհրդարանի յայտարարութեամբ:

Ընդգծուած է, որ ԱՄՆ-ի նախագահը «իրաւասութիւն չունի դատելու պատմական իրադարձութիւնները»: Թուրքիոյ խորհրդարանը յորդորած է Ճօ Պայտընը ետ կանգնիլ եւ թոյլ տալ, որ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն տիրէ:

Ազգայնականներու առաջնորդ՝ Տեւլեթ Պահչելին ըսած է, թէ ԱՄՆ-ի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները կը գտնուին պատմական խաչմերուկի վրայ: Ըստ Պահչելիին, Ճօ Պայտընի յայտարարութենէն յետոյ Թուրքիան առաջին հերթին պէտք է աշխուժացնէ ռուսական C-400 (S-400) հրթիռային համակարգերը եւ ետ պահանջէ ամերիկեան F-35 կործանիչներու համար վճարուած գումարները:

Ընդդիմադիր՝ Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար՝ Քեմալ Քիլիչտարօղլուն քննադատած է իշխանութիւնները սխալ արտաքին քաղաքականութիւն վարելու համար, ինչ որ եւ, ըստ անոր, յանգեցուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչելուն: Անոր կարծիքով` արտաքին աշխարհի մէջ Թուրքիոյ դիրքերը թուլացած են Էրտողանի կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան պատճառով: Ըստ  Քիլիչտարօղլուին խախտուած են «տունը եւ դուրսը խաղաղութիւն հաստատելու եւ խնդիրները երկխօսութեան միջոցով լուծելու Թուրքիոյ դիւանագիտութեան դարաւոր հիմնարար սկզբունքները», այս սկզբունքներէն Էրտողանի կառավարութիւնը հեռացած է: Ընդդիմադիր հիմնական կուսակցութեան առաջնորդը Էրտողանի կառավարութիւնը քննադատած է նաեւ տարածաշրջանի երկիրներու ներքին գործերուն միջամտելու համար, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի, որու հետեւանքով անոնցմէ շատերուն հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ խնդիրներ առաջացած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment