Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Սարգսեան Պաշտօնական Այցելութեամբ Ժամանած Է Վրաստան

Նախագահ Սարգսեան Պաշտօնական Այցելութեամբ Ժամանած Է Վրաստան

by MassisPost

Վրաստանի նախագահ՝ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի հրաւէրով՝ Հայաստանի նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան, տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի հետ, այսօր՝ Ապրիլ 15-ին, պաշտօնական այցելութեամբ ժամանած է Վրաստան, յայտնած է նախագահի աշխատակազմը:

Թիֆլիսի «Շոթա Ռուսթաւելի» միջազգային օդակայանը նախագահ Սարգսեանը դիմաւորած է Վրաստանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար՝ Դաւիթ Զալքալիանին:

Նախագահի աշխատակազմը աւելի վաղ յայտնած է, որ այցի ծիրէն ներս նախատեսուած է Հայաստանի եւ Վրաստանի նախագահներու առանձնազրոյցը, որուն կը յաջորդէ հանդիպում ընդլայնուած կազմով: Քննարկումներու առանցքը պիտի ըլլան երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգը եւ տարբեր ոլորտներու մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն վերաբերող հարցեր, անդրադարձ պիտի ըլլայ նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներուն ու զարգացումներուն:

Այցելութեան ընթացքին, նախատեսուած են նաեւ Արմէն Սարգսեանի հանդիպումները համայն Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Երկրորդի, Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ՝ Արչիլ Թալաքվաձէի հետ:

Նախագահ Սարգսեան պիտի այցելէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment