Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահը Հարցաքննութեան Կը Հրաւիրուի Սահմանադրական Կարգը Տապալելու Գործով

Արցախի Նախագահը Հարցաքննութեան Կը Հրաւիրուի Սահմանադրական Կարգը Տապալելու Գործով

by MassisPost

Սահմանադրական կարգը տապալելու յատկանիշներով Մարտի սկիզբին Արցախի մէջ յարուցուած քրէական գործով առաջիկային հարցաքննութեան պիտի հրաւիրուի Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան։ Այս մասին հաղորդած է Արցախի դատախազութիւնը՝ «հաշուի առնելով լրատուամիջոցներու պարբերական հարցումները»։

Չէ հաղորդուած թէ ինչ կարգավիճակով կ’անցնի Յարութիւնեան Արցախի Քրէական օրէնսգրքի 312-րդ յօդուածի 1-ին մասով նախատեսուած յանցագործութեան յատկանիշներով յարուցուած քրէական գործով: Դատախազութիւնը միայն կը խոստանայ հարցաքննութեան օրուայ մասին յայտնել լրացուցիչ։

Անցեալ ամսուայ սկիզբը, Արցախի դատախազութիւնը հաղորդած էր, որ քրէական գործ յարուցուած է Արցախ գործող հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ 2020 թուականի Դեկտեմբեր 12-ին ներկայացուած յանցագործութեան մասին համատեղ հաղորդման քննարկմամբ, եւ նախաքննութիւնը կը կատարուի յատուկ քննչական բաժնի քննիչներէն ձեւաւորուած խումբի կողմէ: Դատախազութիւնը վստահեցուցած էր, որ քրէական գործի մինչդատական վարոյթի ընթացքի ու արդիւնքներու վերաբերեալ կը տրամադրէ հանրութեան տեղեկատւութիւն պարբերաբար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment