Հայաստանը եւ Ռուսաստանը կը շարունակեն ամրապնդել համագործակցութիւնը ինչպէս երկկողմանի ձեւաչափով, այնպէս ալ միջազգային կառոյցներու, նախեւառաջ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) շրջանակներով։ Նախօրէին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ՝ Արտակ Դաւթեանի հետ բանակցութիւններու ժամանակ այսպիսի յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ռուսաստանի ԶՈՒ ԳՇ պետ, բանակի զօրավար՝ Վալերի Կերասիմով։
Ռուսաստանցի զինուորականին խօսքով՝ «Հայաստանը Անդրկովկասի մէջ Ռուսաստանի առանցքային դաշնակիցն ու գործընկերն է»։ «Հայաստանի տարածքի 102-րդ ռազմակայանի գործունէութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններու բարձր մակարդակի վկայութիւնն է», – յայտարարած է Կերասիմով։