Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ոստիկանութիւնը Քրէական Գործ Յարուցած Է Վազգէն Մանուկեանի Յայտարարութիւններու Մասով

Ոստիկանութիւնը Քրէական Գործ Յարուցած Է Վազգէն Մանուկեանի Յայտարարութիւններու Մասով

by MassisPost

Ոստիկանութենէն ներս քրէական գործ յարուցուած է շաբաթ օրը հանրահաւաքի ընթացքին Վազգէն Մանուկեանի հնչեցուցած յայտարարութիւններու մասով՝ 301 յօդուածի (իշխանութիւնը զաւթելուն, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչերը) յատկանիշներով, «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին հաստատեց Գլխաւոր դատախազի օգնական՝ Գոռ Աբրահամեան։

Ան յայտնեց, որ գործը ուղարկուած է Քննչական կոմիտէ:

Յիշեցնենք, որ Փետրուար 20-ին ընդդիմադիրներու վարչապետի թեկնածու՝ Վազգէն Մանուկեան Ազատութեան հրապարակը կայացած հանրահաւաքին յայտարարած էր, որ պէտք է պատրաստ ըլլալ կայծակնային արագութեամբ ապստամբելով վերցնել իշխանութիւնը:

«Ցանկացած պահ` դա կը լինի այսօր, դա կարող է լինել մէկ շաբաթ յետոյ, կարող է լինել 10 օր յետոյ, պէտք է պատրաստ լինել կայծակնային արագութեամբ ապստամբելով վերցնել իշխանութիւնը», – յայտարարած է Մանուկեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment