Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արա Սաղաթէլեան Կալանաւորուեցաւ Երկու Ամիսով

Արա Սաղաթէլեան Կալանաւորուեցաւ Երկու Ամիսով

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր՝ Արմինէ Մելիքսեթեան բաւարարեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան միջնորդութիւնը եւ երկու ամիսով կալանաւորեց Ազգային ժողովի աշխատակազմի նախկին ղեկավար գլխաւոր քարտուղար՝ Արա Սաղաթէլեան:

Սաղաթէլեանի պաշտպան՝ Յակոբ Ենոքեան «Ազատութիւն»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ որոշումը պիտի բողոքարկեն վերաքննիչ ատեան: Պաշտպանները նշած են, որ Արա Սաղաթէլեան կը հետապնդուի իշխանութիւններու կողմէ:

Փետրուար 19-ի ուշ գիշերին, ձերբակալուած Արա Սաղաթէլեան, «Քառեակ մետիա»-ի համահիմնադիր, Հանրապետական խմբակցութեան նախկին պատգամաւոր՝ Կարէն Բեքարեան, «Փառլամէնդարիզմի (Խորհրդարանականութեան) զարգացման միջազգային կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան գրասենեակի տնօրէն՝ Մհեր Աւագեան եւ հանրութեան լայն շրջանակներուն անյայտ՝ Արամ Սարգսեան կը մեղադրուին Քրէական օրէնսգրքի երեք յօդուածներով՝ կազմակերպուած խումբի կողմէ ազգային, ցեղային կամ կրօնական թշնամանք յարուցելու, բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչեր, բռնութիւնը հրապարակայնօրէն արդարացնելու կամ քարոզելու, ինչպէս նաեւ ռազմական դրութեան իրաւական ռեժիմի ընթացքին տեղեկութիւններու հրապարակման կամ տարածման կանոնները խախտելու համար։ Ըստ ԱԱԾ-ին` անոնք են, որ Դիմատետրով ստեղծած «Գագիկ Սողոմոնեան» անուամբ յայտնի կեղծ էջը, որ յայտնի է իշխանութիւններու հասցէին վիրաւորական եւ հայհոյախառն քննադատութեամբ։

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) Դիմատետրի «Գագիկ Սողոմոնեան» անուամբ յայտնի կեղծ էջի գործով մեղադրեալ ներգրաւած էր Արա Սաղաթէլեանը, Կարէն Բեքարեանը, Մհեր Աւագեանը եւ Արամ Սարգսեանը ու միջնորդած դատարանին կալանաւորել զանոնք:

Արամ Սարգսեան այսօր՝ Փետրուար 22-ին, դատարանի որոշմամբ կալանաւորուած է, իսկ Մհեր Աւագեան՝ ազատ արձակուած:

Կարէն Բեքարեանը կալանաւորելու միջնորդութեան մասին որոշումը կը հրապարակուի վաղը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment