Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ե՞րբ Եւ Ի՞նչպէս Պէտք Է Կազմակերպուին Յաջորդ Ընտրութիւնները

Ե՞րբ Եւ Ի՞նչպէս Պէտք Է Կազմակերպուին Յաջորդ Ընտրութիւնները

by MassisPost

Նախագահ Արմէն Սարգսեան ծաւալուն յօդուած մը հրապարակած է, ուր ախտաճանաչումը կը կատարէ վերջին տասնամեակներուն Հայաստանի ձախողութիւններուն, որոնք հանգեցուցին վերջին պատերազմի ընթացքին կրած պարտութեան: Ներկայ իրավիճակէն դուրս գալու ուղղութեամբ ան կ՛առաջարկէ արտահերթ ընտրութիւններու կայացումը, որ պէտք է յաջորդէ Ընտրական Օրէնսգրքի եւ Սահմանադրական որոշ դրոյթներու փոփոխութեան: «Մինչ այդ, իշխանութեան օրինական, հաւասարակշռուած եւ անաչառ ճիւղերից մէկի՝ նախագահի ինստիտուտի օգնութեամբ պէտք է ձեւաւորուի Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն», կը գրէ Արմէն Սարգսեան:

Պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք նախագահ Սարգսեան միանալով վարչապետի հրաժարականի պահանջով ընդդիմադրութեան կոչերուն, դժբախտաբար կորսնցուց «անաչառ ճիւղերից մէկը» ըլլալու այդ կարեւոր հանգամանքը: Այս պատճառաւ իսկ Սարգսեանի միջնորդական քայլերը որոշ չափով դատարկ կը հնչեն այսօր:

Գալով բուն հարցին, թէ երբ տեղի պէտք ունենան խորհրդարանական ընտրութիւնները, նախագահի կարծիքը նոյն է, ինչ որ կ՛առաջարկէ վարչապետ Փաշինեան: Երկուքն ալ կը խօսին արտահերթ ընտրութիւններու մասին, որոնք կրնան տեղի ունենալ օրէնսդրական որոշ փոփոխութիւններէ ետք եւ տրամաբանական ժամկէտներու մէջ՝ հաւանաբար համավարակը յաղթահարելէ ետք:

Քաղաքական շրջանակները բոլորն ալ գրեթէ համակարծիք են որ, ներքին քաղաքական տագնապի հանգուցալուծումը կրնայ տեղի ունենալ միայն ընտրութիւններու միջոցաւ, քանի որ անկէ դուրս որեւէ այլ եղանակ երկիրը կը տանի կործանումի: Այսուհանդերձ, գլխաւոր հարցը կը մնայ այն, թէ ինչպիսի կառավարութիւն պէտք է կազմակերպէ յաջորդ ընտրութիւնները:

Ընդդիմադիրներու ստեղծած «Ազգային Փրկութեան Շարժումը» կը պահանջէ, որ իրենց թեկնածուն՝ Վազգէն Մանուկեանը խորհրդարանի կողմէ ընտրուի վարչապետ եւ իր գլխաւորած կառավարութիւնը կը խոստանայ մէկ տարի ետք կազմակերպէ նոր ընտրութիւններ: Անցնող երկու ամիսներուն այս շարժումը ձախողեցաւ իշխանութենէն հեռացնել Փաշինեանին, գլխաւորաբար այն պատճառաւ, որ չկրցաւ ապահովել հասարակութեան աջակցութիւնը ու անոր նկատմամբ չկայ վստահութիւն, որ պիտի կարողանայ յարգել իր խոստումը եւ կամ կազմակերպել ազատ եւ արդար ընտրութիւններ՝ նկատի ունենալով ոչ հեռու անցեալի փորձը:

Ընտրութիւնները կազմակերպելու համար նախագահ Սարգսեան կը խօսի «ազգային համաձայնութեան կառավարութեան» մասին, որ կազմուած պէտք է ըլլայ արհեստավարժներէ եւ մասնագէտներէ: Այս առաջարկը տրամաբանական պիտի նկատուէր, եթէ Հայաստանը ունենար կայացած ժողովրդավարական կառոյցներ ու աւանդոյթներ: Այսօրուայ պայմաններուն տակ, ընդդիմադրութիւնը տիրապետելով նիւթական եւ այլ հսկայ լծակներու շատ հեշտութեամբ կրնայ ոտնակոխ ընել արհեստավարժներու կառավարութիւնը ու գործադրութեան դնելով ընտրակեղծիքներու եւ ընտրակաշառքներու իր զինանոցը վերադառնալ իշխանութեան:

Այս պայմաններուն տակ, յաջորդ ընտրութիւնները պէտք է կայանան ըստ երկրի օրէնքներուն ու Սահմանադրութեան պահանջներուն՝ գործող կառավարութեան կողմէ, որ այսօրուայ դրութեամբ միակն է որ, կրնայ ապահովել Հայաստանի ժողովուրդի կամքի ազատ արտայայտութիւնը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment