Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Արցախի Կեդրոններն ու Մանկապարտէզները կը Վերաբացուին

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Արցախի Կեդրոններն ու Մանկապարտէզները կը Վերաբացուին

by MassisPost

Արցախեան պատերազմի օրերուն եւ մինչեւ այսօր հարիւրաւոր Արցախցի ընտանիքներ ապաստան գտած են Մայր Հայաստանի մէջ։ Անոնց օգնող եւ աջակցող կազմակերպութիւններէն մէկն է նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Հայաստանի մասնաճիւղը։

Նոյեմբերի 15-ին ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի մասնաճիւղէն եւ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիէն ութը ծառայողներ մեկնեցան Ստեփանակերտ եւ բարեկարգեցին տեղւոյն ԱՀԱԸ-ի գրասենեակը եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի դահլիճը, որոնք տուժած էին պատերազմէն։ Սեպտեմբեր 27-էն ետք առաջին անգամ Եկեղեցիին մէջ կատարուեցաւ նաեւ պաշտամունք։

Այսօր արդէն Աւետարանչականի մանկապարտէզները՝ Ստեփանակերտի, Ասկերանի  եւ Մարտակերտի մէջ, իրենց դռները վերաբացած եւ լիարժեք սկսած են աշխատանքի։ Բաց է  նաեւ Ասկերանի «Շող» Ցերեկային Կեդրոնը։

ԱՀԱԸ-ի Արցախի ներկայացուցիչ՝ Վիկտոր Կարապետյանը, պատերազմի առաջին օրերէն իսկ, անտեսելով ամէն դժուարութիւն եւ վտանգ, սնունդ, դեղօրայք եւ առողջապահական պիտոյքներ կը մատակարարեր նկուղներու, ապաստարաններու եւ այլ վայրերու մէջ պատսպարուած Արցախցի մեր հայրենակիցներուն։

amaa-1

Շուշիի «Շող» Ցերեկային Կեդրոնի ընկերային ծառայութեան գործիչ՝ Գայանե Եղիազարյանը եւ Շուշիի ԱՀԱԸ-ի հովանիին ներքեւ գործող «Պետրոսեան» ճամբարի տնտեսավար՝ Սարիկ Գասպարյանը, «Պետրոսեան» ճամբարի մէջ ընդունած էին 30 տատիկներ եւ պապիկներ, եւ կը խնամէին զանոնք՝ հոգալով անոնց ամէն կարիքները… Անոնք մնացին ճամբարին մէջ մինչեւ իրենց տարհանումը՝ Հոկտեմբեր 29-ին։

Այսօր ծանր ժամանակներ են Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն համար։ Մենք կը սգանք Շուշիի, Հադրութի, Քարվաճառի եւ Արցախի միւս շրջաններու կորուստը։ Բայց նաեւ կը գիտակցինք որ պէտք է առաջ շարժուիլ, ընել հնարաւոր ամէն բան՝ աջակցելու մեր սիրելի Արցախի վերականգնումին։

Հիմնադրուատ 1918-ին որպէս Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց՝ որոնք օգնութեան կարիք ունին՝ առանց խտրութեան։ Աւետարանչականը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ’իրականացնէ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ։  Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել Ընկերակցութեան  կայքէջը՝ www.amaa.org.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment