Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութին ՀԱՊԿ Գագաթնաժողովին Աջակցեցաւ Եւ Կոչ Ըրաւ Աջակցելու Փաշինեանին

Փութին ՀԱՊԿ Գագաթնաժողովին Աջակցեցաւ Եւ Կոչ Ըրաւ Աջակցելու Փաշինեանին

by MassisPost

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթնաժողովին Ռուսաստանի նախագահը աջակցեցաւ Հայաստանի վարչապետին եւ ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու ղեկավարներուն նոյնպէս կոչ ըրաւ աջակցելու Փաշինեանին։

«Իսկապէս, Հայաստանը եւ Հայաստանի ժողովուրդը պատմութեան շատ բարդ ժամանակաշրջան ապրեցան։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ Կառավարութեան ղեկավարը ստիպուած եղան ընդունելու շատ բարդ, բայց Հայաստանի ժողովուրդի համար անհրաժեշտ որոշում», – յայտարարեց Վլատիմիր Փութինը՝ շարունակելով․ – «Պէտք է նշեմ, որ այդ որոշումները ցաւոտ էին, սակայն, կը կրկնեմ, անհրաժեշտ էին, եւ անոնց ընդունումը պահանջեց Հայաստանի վարչապետի անձնական խիզախութիւն։ Այս նիստի ներկաներէն բոլորը կը հասկնան պատասխանատւութեան չափը նման որոշումներ կայացնելու պարագային։ Ան այդ որոշումը կայացուցած է եւ պատասխանատւութիւնը իր վրայ վերցուցած է ։ Մեր խնդիրը աջակցիլն է Հայաստանի վարչապետին եւ անոր խումբին, որպէսզի կարգաւորուի խաղաղ կեանքը, կեանքի կոչուին ընդունուած որոշումները, եւ որպէսզի օգնենք բարդ իրավիճակի մէջ յայտնուած մարդոց»։

Այսօր՝ Դեկեմբեր 2-ին, կայացաւ ՀԱՊԿ հեռավար գագաթնաժողովը, զոր կը նախագահէր Վլատիմիր Փութինը եւ որուն կը մասնակցէր Հայաստանի վարչապետը։

Իր խօսքի մէջ Նիկոլ Փաշինեան կրկին անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսաստանի նախագահին հրադադարի եւ Արցախի մէջ խաղաղապահ ուժեր տեղակայելու համար։ Ան նաեւ ըսաւ, որ աշխուժօրէն կը համագործակցի Ռուսաստանի նախագահի հետ գերիներու եւ անհետ կորածներու հարցով։

Հայաստանի վարչապետը շեշտեց, որ չնայած երեք շաբաթ է, որ աւարտած են ռազմական գործողութիւնները, եւ Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած են ռուս խաղաղապահները, կան շարք մը հարցեր, որոնք հրատապ կարգաւորման կարիք ունին։ «Առաջին հերթին խօսքը ռազմագերիների եւ խաղաղ բնակչութեան շրջանում գերիների, անհետ կորածների եւ սպանուածների մարմինների վերադարձի մասին է», – ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ Հայաստանը պատրաստ է աշխուժացնել իր գործողութիւնները այս հարցերը հնարաւորինս արագ լուծելու համար։

Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի ղեկավարը ընդգծեց, որ «անհրաժեշտ է բացառել գերիների հետ դաժան վարուելն ու նրանց ինքնասիրութեան նսեմացումը»։

Յիշեցնենք, որ երէկ ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստէն յետոյ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովը յայտարարած էր, թէ Ռուսաստանը ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիի գերիներու ու աճիւններու փոխանակման հարցով դիտաւորեալ ձգձգման միտում չի նկատեր։ Պնդելով, թէ գործընթացքը առաջ շարժուելու համար կան առարկայական դժուարութիւններ, Լաւրով անոնց շարքին նշած է տեղանքի  նպաստը, ռազմական գործողութիւններու բնոյթն ու այն հանգամանգը, որ մինչ օրս անհետ կորածներու յստակ ցուցակներ չկան։

Աւելցնենք, որ այսօր Ղարաբաղի թեմային կրկին անգամ անդրադարձած է նաեւ Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղարը։ Տմիթրի Փեսքովը լրագրողներու հարցերուն պատասխանած է, թէ Ռուսաստանը չի բանակցիր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսերէն լեզուի կարգավիճակի շուրջ, սակայն կ’ողջունէ Ղարաբաղի մէջ ռուսերէնը երկրորդ պետական լեզու դարձնելու գաղափարը։

Երէկ շարք մը լրատուամիջոցներ տարածած էին տեղեկութիւն այն մասին, թէ Ղարաբաղի մէջ հնարաւոր է, որ ռուսերէնին տրուի հայերէնէն յետոյ երկրորդ պետական լեզուի կարգավիճակ։

«Ռուսերէնը եւ՛ Ղարաբաղի մէջ կ’օգտագործուի, եւ՛ Հայաստանի, ռուսերէնով կը խօսին եւ՛ Ատրպէյճանի, եւ՛ շատ տեղեր աշխարհի, անոնց կարգին՝ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին մէջ։ Բնականաբար, մենք այդ ամէն կերպով կ’ողջունենք եւ պատրաստ ենք հետագային նպաստել ռուսերէնին տիրապետելու մակարդակի տարածման ու պահպանման։ Այդ կը համարենք մեր խնդիրը», – այսօր ըսած է Տմիթրի Փեսքով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment