Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Իրան «Թոյլ Չէ Տուած իր Տարածքով Դէպի Ղարաբաղ Սպառազինութեան Տեղափոխում»

Իրան «Թոյլ Չէ Տուած իր Տարածքով Դէպի Ղարաբաղ Սպառազինութեան Տեղափոխում»

by MassisPost

Իրանը, երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Սաիտ Խաթիպզատէի հաւաստմամբ, թոյլ չէ տուած իր տարածքով դէպի Լեռնային Ղարաբաղ սպառազինութեան տեղափոխում։

Պաշտօնեան հաւաստիացուցած է, թէ Իրան անտարբեր չէ որեւէ հակամարտութեան առնչութեամբ եւ կը փորձէ օգնել լուծելու ղարաբաղեան խնդիրը խաղաղ ճանապարհով:

Խաթիպզատէն նաեւ ընդգծած է, որ Թեհրանի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները կը գտնուին պատմական մակարդակի վրայ, եւ իրանական կողմը կը փորձէ ա՛լ աւելի ամրապնդել զանոնք:

Աւելի վաղ, ռուսական կողմը յայտնած էր Իրանի արտաքին գործոց նախարար՝ Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի՝ Նոյեմբեր 23-ին Մոսկուա նախատեսուած այցի մասին, որու ընթացքին ծրագրուած էր քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: Մոսկուայէն յետոյ Զարիֆ պէտք է մեկներ Պաքու։ Նախօրէին, սակայն, յայտնի դարձաւ, որ այցերը յետաձգուած են, ըստ իրանական կողմի՝ արտահերթ պիւտճէական քննարկումներ կատարելու, երկրի կառավարութեան մտադրութեան հետ կապուած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment