Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԱԾ-ն կը Յորդորէ Զերծ Մնալ Գերեվարուած Զինուորներու եւ Քաղաքացիական Անձերու Վերաբերեալ Անյայտ Ծագումով Տեսանիւթեր Տարածումէն

ԱԱԾ-ն կը Յորդորէ Զերծ Մնալ Գերեվարուած Զինուորներու եւ Քաղաքացիական Անձերու Վերաբերեալ Անյայտ Ծագումով Տեսանիւթեր Տարածումէն

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կը տեղեկացնէ, որ վերջին օրերուն համացանցով բաւական լայն տարածում գտած են գերեվարուած զինուորներու եւ քաղաքացիական անձերու վերաբերեալ տեսանիւթեր, որոնք ունին անյայտ ծագում եւ, ստացուած տուեալներուն համաձայն, շատ պարագաներուն որեւէ կապ չունին Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններու հետ:

Ըստ հաղորդագրութեան, օտարերկրեայ տարբեր պետութիւններ նկարահանուած, յաճախ նաեւ միտումնաւոր կերպով ձեւաւորուած այդ նկարներու տարածումը հասկնալի պատճառներով խուճապ կը ստեղծէ հայ հանրութեան մէջ՝ բացասաբար անդրադառնալով հասարակական տրամադրութիւններուն վրայ:

Հաշուի առնելով նմանատիպ երեւոյթներու առկայութիւնը՝ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը յորդորէ զերծ մնալ համացանցով նմանօրինակ տեսանիւթեր տարածելէ ու այս ասպարէզին մէջ ալ բացառապէս առաջնորդուիլ պաշտօնական տեղեկատուական աղբիւրներու կողմէն տրամադրուող տեղեկութիւններով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment