Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Ֆութպոլի Հաւաքականը Յաղթեց Հիւսիսային Մակեդոնիային Եւ Գրաւեց Ենթախումբի Առաջին Տեղը

Հայաստանի Ֆութպոլի Հաւաքականը Յաղթեց Հիւսիսային Մակեդոնիային Եւ Գրաւեց Ենթախումբի Առաջին Տեղը

by MassisPost

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Եւրոպայի Ազգերու Լիկայի երրորդ դասակարգի երկրորդ ենթախումբի վերջին մրցումին յաղթեց Հիւսիսային Մակեդոնիային եւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով դարձաւ ենթախումբի յաղթող:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ որ, հանդիպման առաջին վայրկեաններուն երկու խումբերը փոխանակած են յարձակումները, սակայն առաջին կիսախաղին վիճակագրական առաւելութիւնը եղած է Հիւսիսային Մակեդոնիայի կողմը: Անոնք կը տիրէին գնդակին՝ 66-34 տոկոս յարաբերակցութեամբ:

Առաջին կիսախաղի ընթացքին բերդի գրաւում չարձանագրուեցաւ:

armenia-2

armenia-3

Երկրորդ կիսախաղի 54-րդ վայրկեանին ստանալով Վահան Բիչախչեանի ճշգրիտ փոխանցումը` Յովհաննէս Համբարձումեանը գնդակը ուղարկեց Հիւսիսային Մակեդոնիայի բերդը:

Այս կոլէն ետք Հիւսիսային Մակեդոնիայի խումբը մեծ ուժերով անցաւ յարձակումներու, սակայն ապարդիւն:
Հայաստանի պաշտպան Կամօ Յովհաննիսեան շատ լաւ առիթ ունէր կրկնապատկելու առաւելութիւնը, սակայն չկարողացաւ օգտագործել ստեղծուած պահը եւ խաղը աւարտեցաւ 1-0 արդիւնքով՝ յօգուտ Հայաստանի:

Այս յաղթանակին շնորհիւ Հայաստանի հաւաքականը գրաւեց ենթախումբի առաջին տեղը եւ յաջորդ մրցաշարին հանդէս պիտի գայ երկրորդ դասակարգի մէջ՝ աւելի ուժեղ երկիրներու հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment