Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Հրապարակեց՝ «Ճանապարհային Քարտէզ»ը

Փաշինեան Հրապարակեց՝ «Ճանապարհային Քարտէզ»ը

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է երկրի մէջ ստեղծուած վիճակը յաղթահարելու ուղիները, մեթոտները եւ ծրագրերը: ՀՀ վարչապետը դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ ինքզինք կը համարէ ստեղծուած իրավիճակի, ինչպէս նաեւ զայն յաղթահարելու եւ երկրին մէջ կայունութիւն ու անվտանգութիւն հաստատելու հիմնական պատասխանատուն:

«Սիրելի ժողովուրդ, սիրելի հայրենակիցներ.

Վերջին մէկ շաբաթուայ ընթացքին բազմիցս խօսեր ենք սեպտեմբեր 27-էն սկսած պատերազմի, անոր մէջ մեր ունեցած անյաջողութիւններու, անկէ ետք ստեղծուած վիճակի եւ այդ վիճակի մանրամասներու մասին:

Եկեր է ժամանակը խօսելու ստեղծուած վիճակը յաղթահարելու ուղիներու, մեթոտներու եւ ծրագրերու մասին: Ըսեր եմ արդէն, որ ես ինծի կը համարեմ ստեղծուած վիճակի թիւ 1 պատասխանատուն:

Իրավիճակը յաղթահարելու եւ երկրին մէջ կայունութիւն ու անվտանգութիւն հաստատելու հիմնական պատասխանատուն նոյնպէս ես եմ: Կ’ընդգծեմ, որ ոչ միայն մտադիր չեմ հրաժարիլ այդ պատասխանատւութենէն, այլեւ ամբողջութեամբ լծուած եմ այդ գործին:

Առաջիկային մեր ամենակարեւոր ընելիքներու ճանապարհային քարտէզը հետեւեալն է.

1.Ղարաբաղի հարցի բանակցային գործընթացի վերականգնում ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահութեան ձեւաչափով՝ Արցախի կարգավիճակի եւ իրենց բնակութեան վայրեր արցախցիներու վերադարձի հարցի առաջնահերթութեան ընգծմամբ:

  1. Ապահովել արցախցիներու վերադարձը իրենց հայրենի օճախներ: Ամբողջութեամբ վերականգնել Արցախի բնականոն կեանքը: ԼՂ իշխանութիւններու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու վնասուած տուներու, բնակարաններու եւ ենթակառուցուածքներու վերականգնում:
  2. Զոհուած զինծառայողներու եւ քաղաքացիներու ընտանիքներու ընկերային երաշխիքներու ապահովում:
  3. Պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին տուժած բնակելի եւ հանրային կառոյցներու եւ ենթակառուցուածքներու վերականգնում:
  4. Հաշմանդամութիւն ստացած զինծառայողներու ընկերային երաշխիքներու, շինծու անդամով յարդարման (փրոթեզաւորման) գործընթացի եւ մասնագիտական վերապատրաստման ապահովում:
  5. Գերեվարուած զինուորականներու եւ քաղաքացիական անձանց շուտափոյթ վերադարձ: Անոնց ընտանիքներու ընկերային երաշխիքներու ապահովում: Անհետ կորածներու ճակատագրերու շուտափոյթ պարզաբանում: Անոնց ընտանիքներու ընկերային երաշխիքներու ապահովում:
  6. Պատերազմին մասնակցած անձանց եւ ընդհանուր առմամբ հանրութեան հոգեբանական վերականգնման համակարգի ձեւաւորում:
  7. Զինուած ուժերու բարեփոխումներու ծրագրի հաստատում եւ բարեփոխումներու մեկնարկ:
  8. «Քորոնա» ժահրի համավարակի յաղթահարում եւ ատոր հետեւանքներու վերացում:
  9. Տնտեսական աշխուժութեան միջավայրի վերականգնում:
  10. Ժողովրդագրական խնդիրներու լուծման ծրագրերու աշխոյժացում:
  11. Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու եւ կուսակցութիւններու մասին նոր օրէնքի ընդունում:
  12. Մասնագիտացուած դատաւորներու հիմնարկի ներդրում՝ որպէս հակաքորուփցիոն դատարանի ստեղծման առաջին քայլ: Ապօրինի գոյքի բռնագանձման օրէնքի կիրարկման մեկնարկ:
  13. Հայաստանեան քաղաքական եւ քաղաքացիական համայնքի ներկայացուցիչներու հետ մշտական թեմատիկ խորհրդակցութիւններու կայացում:
  14. Սփիւռքի հայկական կառոյցներու եւ առանձին անհատներու հետ մշտական թեմատիկ խորհրդակցութիւններու կայացում: Հայաստանեան եւ սփիւռքի առանձին անհատներու եւ կառոյցներու ներգրաւում վերոնշեալ գործընթացներուն մէջ:

Այս ամէնուն կարեւորագոյն նպատակը Հայաստանի ժողովրդավարական կայունութեան ապահովումն է եւ երաշխիքներու ստեղծումը, որ Հայաստանի մէջ իշխանութեան ձեւաւորման ժողովուրդի ազատ կամարտայայտման միջոցով որեւէ բան չի սպառնար:

Այս ճանապարհային քարտէզի իրագործման համար կառավարութեան կազմին մէջ փոփոխութիւններ կ’իրականացնեմ։

Փոփոխութիւններու իմաստը եւ նպատակը պիտի ըլլայ վերը նշուած ծրագրի առաւել արդիւնաւէտ իրականացումը եւ կառավարութեան կազմի առաւելագոյն յարմարեցումը նշուած ճանապարհային քարտէզի իրագործման:

Սիրելի հայրենակիցներ, սիրելի ժողովուրդ:

Այս միջոցառումներու իրագործումը անշրջելի համակարգային գիծի (institutional rails) վրայ դնելը կը տեւէ վեց ամիս: 2021 թուականի յունիսին հանդէս կու գամ ճանապարհային քարտէզի իրագործման հաշուետւութեամբ, որու արդիւնքներով հանրային կարծիքը ու արձագանգը հաշուի առնելով՝ որոշում կը կայացնենք հետագայ ընելիքներու վերաբերեալ:

Կ’ուզեմ նաեւ առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնել ՀՀ պետական կառավարական համակարգի աշխատակիցներուն, ինչպէս նաեւ ՀՀ ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան այս դժուարին ժամանակահատուածին ցուցաբերած աշխատանքի եւ համախմբուածութեան համար։ Մենք շատ աշխատանք ունինք կատարելու եւ պարտաւոր ենք յաջողիլ։ Ի գործ»:- Գրած է վարչապետը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment