Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մոսկուայի Համաձայնագիրը Պէտք Է Կեանքի Կոչուի, Ինչով Մենք Հիմա Կը Զբաղինք․ Սերկէյ Լաւրով

Մոսկուայի Համաձայնագիրը Պէտք Է Կեանքի Կոչուի, Ինչով Մենք Հիմա Կը Զբաղինք․ Սերկէյ Լաւրով

by MassisPost

ՌԴ արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Զոհրապ Մնացականեանի հետ համատեղ ասուլիսին անդրադարձաւ հարցին, թէ ինչ դեր պիտի խաղայ Ռուսասանը ԼՂ հիմնախնդիրի լուծման հարցով։

«Մենք այս հարցով աշխուժօրէն կը զբաղինք եւ որպէս համանախագահ երկիրներէն մէկը, եւ որպէս Ռուսաստան՝ ուղղակի մեր հարեւաններու շատ մօտ դաշնակից, ռազմավարական գործընկեր։ Եւ ես կը կարծեմ, որ այստեղ ձեռք բերուած մեր գիշերային պայմանաւորուածութիւնները ի զուր չէին»,- ըսաւ Լաւրով։

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի այն յայտարարութիւններուն, որ Թուրքիան պէտք է ներգրաւուի միջնորդական առաքելութիւններու մէջ՝ ինչպէս առանձին, այնպէս ալ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս, Լաւրով ըսաւ․ «Համատեղ յայտարարութեան մէջ կը վերահաստատուի բանակցային գործընթացի անփոփոխ ըլլալու մասին։ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը բազմաթիւ երկիրներէն բաղկացած խումբ է, բայց միջնորդութեան լիազօրութիւն տրուած է երեք համանախագահներուն՝ Ռուսաստանին, ԱՄՆ-ին ու Ֆրանսային։ Եւ համաշխարհային մայրաքաղաքներէն վերջին օրերուն կատարուած բոլոր յայտարարութիւնները կը հաստատեն յանձնառութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան մանտաթին, ինչով մենք հիմա զբաղուած ենք մեր ԱՄՆ-ի ու Ֆրանսայի գործընկերներուն հետ»։

Ըստ Լաւրովի՝ Ատրպէյճանի նախագահը ողջունած է Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները: Լաւրով նշեց, որ կապուած է Թուրքիոյ ԱԳ նախարար՝ Չաւուշօղլուի հետ, տեղեկացուցած, որ կ’ակնկալեն անոնց աջակցութիւնը համանախագահներու ջանքերու ուղղութեամբ։ Չաւուշօղլուն մէկ այլ զանգով հաստատած է իրենց աջակցութիւնը Մոսկուայի համաձայնագիրներուն: «Եւ հիմա պէտք է, որ անոնք կեանքի կոչուին, ինչով մենք հիմա կը զբաղինք»,- ըսաւ ան։

Հայաստանը եղած է ու կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման, բանակցութիւններու ճանապարհով։ Եւ այդ ուղղութեամբ Հայաստանը ջանքեր կը ներդնէ։ Այս մասին ՌԴ արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ համատեղ ասուլիսին ըսաւ ՀՀ ԱԳ նախարար՝ Զոհրապ Մնացականեան։

«Ուզում եմ առանձնայատուկ ընդգծել վերահսկողութեան մեքենականութեան ներդրման անհրաժեշտութիւնը, որը հնարաւորութիւն կու տայ հասնել կրակի դադարեցմանը։ Միայն կրակի դադարեցման ռեժիմի լիարժէք հաստատման դէպքում մենք կարող ենք բոլոր հարցերում արդիւնաւէտ առաջ շարժուել»,- ըսաւ Մնացականեան։

Հայաստանն ու Արցախը, Մնացակաեանի խօսքով, միշտ կողմ արտայայտուած են վերահսկողութեան մեքենականութեան ներդրման, Ատրպէյճան  զանոնք մերժած է։

«Ես եւս կը պնդեմ, որ  կրակի դադրեցման նկատմամբ հսկողութիւնը չափազանց կարեւոր ու առանցքային է»,-ըսաւ ՌԴ ԱԳ նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով։

«Նախագահ Փութինի, Պաքուի ու Երեւանի գործընկերներու հետ հեռախօսային խօսակցութիւններու ժամանակ շօշափուած է նաեւ վերահսկողութեան մեքենականութեան հարցը, թէ ինչպէս հնարաւոր է վերահսկել կրակի սպասուող դադրեցումը։ Ինչպէս դուք գիտէք, մեր համատեղ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ  վերահսկողութեան մեքենականութեան ու կրակի դադրեցման յստակ  յարաչափերը կը համաձայնեցուին յաւելեալ։ Հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի ու անոր շուրջ ստեղծուած սուր իրավիճակը, հաշուի առնելով գերիներու, դիերու փոխանակման հարցը, կարելի չէ ձգձգել այդ մեքենականութեան մշակման հարցը։ Այդ ուղղութեամբ աշխատանք ներկայիս կը տարուի, Ռուսաստանի Դաշնութիւնը անոր կը մասնակցի եւ համանախագահները ներգործութիւն կ’ունենան»,- ըսաւ Լաւրով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment