Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Անդրանիկ Քոչարեանը Անհեթեթութիւն Կը Համարէ Շրջաններ Վերադարձնելու Մասին Խօսիլը

Անդրանիկ Քոչարեանը Անհեթեթութիւն Կը Համարէ Շրջաններ Վերադարձնելու Մասին Խօսիլը

by MassisPost

Ղարաբաղեան խնդիրը արդէն միջազգային կարգաւորման խնդիր պիտի դառնայ, այսօր Ազգային ժողովի ճեպազրոյցներու ժամանակ յայտարարեց Ազգային ժողովի (ԱԺ) պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ, իշխանական «Իմ քայլ»-էն Անդրանիկ Քոչարեան։

Քոչարեանի խօսքով՝ անվտանգութեան գօտիի շրջակայքը կը սկսին տեղակայուիլ այնպիսի, ահաբեկչական ուժեր, որոնք կ’օգտագործուին Թուրքիոյ կողմէ, եւ անոնք մարտահրաւէր են Ռուսաստանի եւ Իրանի համար։

«Ազատութիւն»-ի հարցին, որ եթէ հնարաւոր ըլլայ կողմերը նստեցնել բանակցային սեղանի շուրջ, հայկական կողմը ի՞նչ օրակարգով կը ներկայանայ այդ բանակցութիւններուն, Քոչարեան պատասխանեց․ – «Էսպէս թէ էնպէս կողմերը նստելու են մի օր սեղանի շուրջ, բայց այդ օրակարգը լինելու է այնպիսին, որ առաջին հերթին պէտք է բաւարարի Արցախի ազգաբնակչութեան անվտանգութեանը։ Եթէ նախկինում խօսք էր գնում Քազանեան սկզբունքների, Մատրիտեան սկզբունքների մասին, այսօր այդ անվտանգութեան գօտին լրիւ այլ արժէք ունի, եւ այդ անվտանգութեան գօտին պէտք է դառնայ այնպիսի գօտի, որը պէտք է ապահովի Արցախի անվտանգութիւնը։ Այստեղ խօսել շրջաններ վերադարձնելու մասին, կը ներէք, արդէն դառնում է անհեթեթութիւն»։

Ճշդող հարցին, թէ զիջումներու մասին խօսք ընել կ’ըլլա՞յ, Քոչարեան պատասխանեց․ – «Փոխզիջումներ, բնականաբար, պէտք է լինեն, բայց չի կարող հաշուի չառնուի մեր անվտանգութեան գօտու կարեւորութիւնը՝ ոչ միայն Արցախի, այլ նաեւ յարակից պետութիւնների համար եւս»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment