Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Տոսիէ». Ռուսաստանը Գործակալներ Ունի Հայաստանի Համարեա Բոլոր Պետական Կառոյցներուն Մէջ

«Տոսիէ». Ռուսաստանը Գործակալներ Ունի Հայաստանի Համարեա Բոլոր Պետական Կառոյցներուն Մէջ

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահական աշխատակազմէն ներս Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանին օփերաթիւ մականուն տուած են` «Մօրուք», եւ յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւին անոր ամէն մէկ քայլին, կը պնդէ «Տոսիէ» կեդրոնը, զոր կը ֆինանսաւորէ Ռուսաստանի երբեմնի ամենահարուստ գործարարներէն մէկը` Քրեմլինի քննադատ, այժմ վտարանդի Միխայիլ Խոտորքովսքին:

Հետաքննութեան հեղինակները ուսումնասիրած են տասնեակ գաղտնի փաստաթուղթեր, վերլուծական զեկոյցներ եւ օփերաթիւ ամփոփագիրներ, որոնք իրենց տրամադրութեան տակ յայտնուած են Ռուսաստանի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան գեներալ զօրավար Վլատիմիր Չերնովի քարտուղարութենէն: Թէ ինչ ճանապարհով` «Տոսիէ»-ն չի մանրամասներ: Յայտնի է միայն, որ խորհրդային տարիներուն Պետական անվտանգութեան կոմիտէի (ԿԳԲ) սպայ Չերնովը 2012-էն կը ղեկավարէ Քրեմլինի Արտասահմանեան երկիրներու հետ միջշրջանային եւ մշակութային կապերու վարչութիւնը: «Իրականութեան մէջ, այդ կառոյցը ստեղծուած է ԱՊՀ տարածքին մէջ «գունաւոր յեղափոխութիւններու դէմ պայքարելու եւ Ռուսաստանի շահերը առաջ տանելու համար», – կը պնդէ «Տոսիէ»-ն՝ աւելցնելով. – «Զօրավարը իր ամենամեծ յաջողութիւնը արձանագրած է Հայաստանի մէջ, ուր «Ռուսաստանի բարեկամներու» ամբողջ ցանց մը կը գործէ, ե՛ւ ակնյայտ, ե՛ւ շատ ընդյատակեայ»: «Անոնք արմատներ դրած են համարեա բոլոր պետական կառոյցներուն, կառավարութեան, խորհրդարանին, յատուկ ծառայութիւններուն, Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ», – կը պնդէ զեկոյցն ու օրինակ կը բերէ, 2018-ին, երբ Աժ նախկին պատգամաւոր, ՀՀԿ խմբակցութեան անդամ, ռուսամէտ Հայկ Պապուխանեան այցելած էր Խրիմ, Ուքրանիոյ դեսպանատունը բողոք յղած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, ինչ որ շատ արագ յայտնուած էր Քրեմլինին մէջ:

2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ, ըստ «Տոսիէ»-ի տրամադրութեան տակ եղած փաստաթուղթերուն, զօրավար Չերնովի ենթակաները սկսած են յատուկ ուշադրութեամբ հետեւիլ Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանին: Անոնցմէ մէկը` Սվետլանա Մաքսիմովա, զեկուցած է. – «Մինչեւ օգոստոս, ինչպէս Միշան կը խոստանար, Նիկոլը չէզոքացնելը չյաջողեցաւ: Հիմա, ամենայն հաւանականութեամբ, գործի կը դրուի կոշտ տարբերակը»: Թէ ով է այդ Միշան, եւ որն է կոշտ տարբերակը` յստակ չէ:

Մէկ այլ զեկուցագրով նոյն Սվետլանա Մաքսիմովան կը գրէ. – «Այնպէս կ’երեւի Փաշինեան իր չափերը չի ճանչնար, տէ, տէ, սպասենք, տեսնենք, ինչպէս պիտի սայթաքի: Եւ շնորհակալութիւն յայտնենք իրեն, որ մէկ անգամէն այսքան արեւմտամէտ ձրիակերներ բացայայտեց»:

Ըստ «Տոսիէ»-ի ուսումնասիրած փաստաթուղթերուն, գործակալ Մաքսիմովան կը հետեւի նաեւ հայաստանեան այլ, իրենց բնորոշումով՝ արեւմտամէտ քաղաքական գործիչներու, օրինակ` Հանրային խորհուրդի ղեկավար՝ Ստեփան Սաֆարեանին:

Փաշինեանի մասին Քրեմլինին տեղեկագիրներ կ’ուղարկէ նաեւ մէկ այլ աղբիւր, «Քանտիտաթ» («Թեկնածու») ծածկանունով: Ան գրած է «Փաշինեանը զերծ կը մնայ յետխորհրդային միասնութենէն, ան նոյնիսկ չմեկնեցաւ Մոսկուա` Յաղթանակի շքերթին մասնակցելու», ուրիշ անգամ ալ՝ թէ Փաշինեանի օրօք «ամերիկամէտ քաղաքական գործիչներ եկած են իշխանութիւն»:

«Ռուսաստանի այդ բարեկամ-գործակալները քօղազրկուելու ու բացայայտուելու վախ չունին, քանի որ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը վաղուց յայտնի է որպէս ռուսականի` Լիւպլեանքայի մասնաճիւղ, ղեկավար կազմին մէջ ալ շարունակական փոփոխութիւններ կան ու խառնաշփոթ է, որ կ’ուղեկցուի աղմկոտ պատմութիւններով», – կը նշէ «Տոսիէ»-ն: Այս շարքին հետաքննութիւնը կը յիշատակէ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) նախկին ղեկավար՝ Կէորկի Քուտոյեանը, որ, ըստ նախաքննութեան, ինքնասպան եղաւ այս տարեսկզբին, ապա` Արթուր Վանեցեանը: «Վերջինս ԱԱԾ-ի որպէս ղեկավար աշխատեցաւ մօտ մէկ տարի, պաշտօնանկութենէն յետոյ դարձաւ Փաշինեանի կոշտ քննադատը, եւ հիմա յաճախ կը տեսնուի Մոսկուա, ազդեցիկ գործարարներու ընկերակցութեամբ», – կը փաստէ «Տոսիէ»-ն:

Ուշագրաւ են նաեւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի իշխանավարման օրօք ԱԱԾ ղեկավար՝ Քարլոս Պետրոսեանի մասին տեղեկութիւնները: Ըստ «Տոսիէ»-ին, մօտ հինգ տարի Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան թիւ մէկ պատասխանատուն պաշտօնաթողութենէն անմիջապէս յետոյ Ռուսաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է յատուկ կարգով, եւ մինչ այժմ կ’ապրի Մոսկուայի Քոմփոզիթորներու տունը, ուր բնակարան գնած է 200 միլիոն ռուբլիով` աւելի քան երկուք  ու կէս միլիոն տոլարով: Բացի այդ, ըստ «Տոսիէ»-ի, Հայաստանի ԱԱԾ նախկին ղեկավար, գեներալ-լեյտենանտ զօրաբանակի զօրավար Քարլոս Պետրոսեան նաեւ առանձնատուն ստացած է մերձմոսկովեան Մալախովքայի մէջ, ընդ որում՝ անձամբ նախագահ Փութինի կարգադրութեամբ: Թէ ո՞ր ծառայութիւններու դիմաց` դժուար թէ կռահել, քանի որ Փութինի այդ որոշումը գաղտնի եղած է: Յայտնի է միայն, որ այդտեղ` Պետրոսեանի հարեւանութեամբ կ’ապրի նաեւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան` ФСБ-ի նախկին փոխտնօրէն, զօրավար-գնդապետ Վիքթոր Քոմոկորովը:

Հետաքննութեան մէջ նշուած է նաեւ մէկ այլ ուշագրաւ փաստ. զօրավար Չերնովի քարտուղարութեան փաստաթուղթերուն մէջ եղած է նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ՝ Գագիկ Ծառուկեանի անձնագրի պատճէնը: «Ծառուկեանը յաճախ կը գտնուի Մոսկուա, անցեալ տարի փետրուարին իր կուսակցութիւնը համագործակցութեան արձանագրութիւն ստորագրած է Փութինի «Ետինաեա Ռոսիա»-ի հետ», – կը յիշեցնէ «Տոսիէ»-ն: «Քրեմլինի այս գործընկերը բաւական բուռն կենսագրութիւն ունի», – կը նշէ հետաքննութիւնն ու կը մանրամասնէ. – «1979-ին խորհրդային ոստիկանութեան ծառայող Ծառուկեան մեղաւոր ճանաչուած է խմբակային բռնաբարութեան համար եւ պատիժը կրած է Նիժնի Թակիլի` ոստիկաններու համար նախատեսուած “Красная Утка” կալանավայրը»:

Թէ երբ եւ ինչ նպատակով Ծառուկեանի անձնագրի պատճէնը յայտնուած ու պահուած է Ռուսաստանի Արտաքին հետախուզութեան զօրավար Չերնովի թղթապանակը, հետաքննութիւնը չի մանրամասներ, բայց կը փաստէ, որ ան ժամանակին աջակցած էր Փաշինեանին, իսկ հիմա դարձած է անոր գլխաւոր ընդդիմախօսը ու անոր հրաժարականը կը պահանջէ:

Քաղաքական գործիչներէն, ներդրուած գործակալներէն, ռուսամէտ լրագրողներէն ու փորձագէտներէն բացի, ըստ հետաքննութեան, Քրեմլենի հետ սերտօրէն կ’աշխատին նաեւ որոշ հասարակական կազմակերպութիւններ: Անոնցմէ մէկը` Լազարեւեան ակումբը, օրինակ, ձեւաւորուած է Թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ, ռուսական կողմէն, ըստ «Տոսիէ»-ի, զայն կը համակարգէ  Պետտումայի պատգամաւոր Քոնսթանթին Զատուլինը, անդամակցողներու շարքին են Զորի Պալաեանը, որ տարիներ առաջ նամակ գրած էր նախագահ Փութինին, ու պնդած, թէ Ղարաբաղի հարց չկայ, կայ Ռուսաստանի հարց. Հանրային խորհուրդի նախկին ղեկավար Վազգէն Մանուկեան, ՀՀԿ նախկին պատգամաւոր Արտաշէս Գեղամեան, որ մինչեւ օրս ամէն շաբաթ ակումբի կայքին մէջ քարոզչական յօդուածներ կը հրապարակէ, որոնցմէ մէկը, օրինակ, այս վերնագիրով՝ «Կլոպալիստների նախագիծը`Նիկոլ Փաշինեանը, ֆիասքօ ապրեց. ինչ է լինելու յետոյ»:

Ակումբի առաջին լիագումար նիստին` 2018-ի նոյեմբերին, ելոյթ ունեցած էր նաեւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեան: Երկօրեայ այդ հաւաքը, ի դէպ, անցած էր «Հայաստան եւ Ռուսաստան՝ երկու Հայրենիքներ» խորագրի ներքոյ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment