Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան. «Լիբանան Պէտք Չէ Կորսնցնէ Փրկութեան Ոսկեայ Առիթը»

Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան. «Լիբանան Պէտք Չէ Կորսնցնէ Փրկութեան Ոսկեայ Առիթը»

by MassisPost

Հայաստանի 1in.am «Առաջին Լրատուական»-ը հրապարակեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանի հետ կատարած հարցազրոյցը, որ կը վերաբերի Լիբանանի քաղաքական կացութեան, նոր կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն եւ ապագայի հեռանկարներուն:

Ընկ. Գալփաքեան հարցազրոյցին մէջ խօսեցաւ երկրի ճգնաժա մային վիճակին, նաեւ անյապաղ կառավարութիւն կազմելու եւ խնդիրները լուծելու անհրաժեշտութեան մասին: Ան ներկայացուց ֆրանսական նախաձեռնութեան ման րամասնութիւնները եւ նշանակեալ վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպի մտադրութիւնը` կազմելու արհես տավարժ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը:

Ընկ. Գալփաքեան ցաւով նշեց, որ կազմութիւնը կ՚ուշանայ, որովհետեւ ոմանք կը պահանջեն սեփական ներկայացուցիչներ ունենալ Նախարարաց Խորհուրդին մէջ:
Կարեւորելով ու ոսկեայ վերջին առիթ համարելով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի բարեկամական նախաձեռնութիւնը, Ընկ. Գալփաքեան յիշեցուց, որ սկիզբը Մաքրոնին առջեւ բոլոր խմբաւորումները խոստացած էին աջակցիլ անկախ մասնագէտներու կառավարութեան կազմութեան` հիմնուելով գլխաւոր նախարարութիւններու հերթափոխութեան սկզբունքին վրայ, սակայն հետագային բարդոյթներ յառաջացած էին` մաս նաւորաբար Ելեւմուտքի նախարարութիւնը պահելու շիի յարանուանութեան պահանջին կապակցութեամբ:

Հարց տալով, թէ ինչո՞ւ ոմանք փոխեցին իրենց դիրքորոշումը եւ սկսան խոչընդոտել նշանակեալ վարչապետին աշխատանքը, Վարիչ Մարմինի ատենապետը զգուշացուց, թէ որեւէ կողմ եթէ պահանջէ քաղաքական ներկայութիւն ունենալ այս կառավարութեան մէջ, ապա Լիբանան պիտի հասնի վերջին տարիներու նոյն փակուղիին: «Այս կառավարութիւնը երկու յստակ աշխատանք պէտք է տանի` արմատական բարեկարգումներու իրականացումն ու ելեւմտատնտեսական ճգնաժամի լուծումը», յիշեցուց Ընկ. Գալփաքեան, բոլորին կոչ ուղղելով դիւրացնելու Ատիպի գործը, որովհետեւ Մաքրոն խոստացած է օգնել Լիբանանին, եթէ չէզոք կառա վարութիւն մը պայքարի փտածութեան դէմ:

Դիտել տալով, որ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը կը համարուի Լիբանանի ճգնաժամերը լուծելու վերջին առիթը, Ընկ. Գալփաքեան զգուշացուց, որ արդիւնաւէտ կառավարութիւն մը անյապաղ չկազմելու պարագային Լիբանան պիտի ուղղուի դէպի անորոշութիւն:
Ընկ. Գալփաքեան շեշտեց, որ նշանակեալ վարչապետը պէտք չէ հրաժարի իր պարտականութենէն, այլ անպայման կազմէ Նախարարաց Խորհուրդը եւ զայն փոխանցէ նախագահին, ապա` խորհրդարանին, իսկ եթէ այդ կառավարութիւնը չարժանանայ վստահութեան քուէին, ապա կազմը մերժողները թող կրեն իրենց պատասխանատուութիւնը ժողովուրդին առջեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment