Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արայիկ Յարութիւնեան Ունի Մեր Խմբակցութեան Լիակատար Աջակցութիւնը. Մխիթար Հայրապետեան

Արայիկ Յարութիւնեան Ունի Մեր Խմբակցութեան Լիակատար Աջակցութիւնը. Մխիթար Հայրապետեան

by MassisPost

Կրթական բարեփոխումները երբեք որեւէ երկրի մէջ հեշտութեամբ չեն տրուած. բնական է, որ պիտի ըլլայ աղմուկ, բայց շատ կարեւոր է, որ խօսինք բովանդակութեան շուրջ: Այս մասին Սեպտեմբեր 14-ին, ԱԺ-ի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Մխիթար Հայրապետեան:

Հարցին, թէ ինչպէս կը գնահատէ Կրթութեան Գիտութեան Մշակոյթի եւ Սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի գործունէութիւնը, ան պատասխանեց. «Շատ ուժեր փորձում են օգտուել այս իրավիճակից, թիրախաւորել են գործընկերոջս եւ մոռացել են, որ պէտք է խօսենք բովանդակութեան շուրջ: Արայիկ Յարութիւնեանն ունի մեր խմբակցութեան լիակատար աջակցութիւնը: Մենք մեր մասով առաւելագոյնը անելու ենք, որ առողջ քննադատութիւնը առաւելապէս լսելի լինի կառավարութեան համար:

Կան բազամթիւ քննարկումներ, խնդիրներ, որոնց շուրջ մենք ունենում ենք զրոյցներ գործադիրի մեր գործընկերների հետ եւ մեր վէճը բացառապէս գաղափարական է»: Լրագրողներուն հետ զրոյցին նշեց ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Մխիթար Հայրապետեան՝ անդրադառնալով անոր, որ «Իմ քայլի» պատգամաւոր Արսէն Ճուլֆալաքեանը յայտարարած է մանտաթէն հրաժարելու մասին՝ վկայակոչելով հակասութիւնները ԿԳՄՍ նախարարութեան հետ:

«Կայ առողջ համագործակցութիւն ԱԺ-ի եւ կառավարութեան միջեւ: Պարոն Ճուլֆալաքեանը հանդէս է եկել յայտարարութեամբ, ես իրաւունք չեմ  վերապահի ասել աւելին, քան ասել է ինքը: Ես յոյս ունեմ, որ իր որոշումը կը փոխուի: Ճուլֆալաքեանի հեռացումը խորհրդարանից կը վնասի թէ ոլորտին, թէ մեր յանձնաժողովին: Նա եղել եւ մնում է ոլորտի լաւագոյններից մէկը, փայլուն պատգամաւոր:

Որեւէ մէկը չի շահելու, եթէ պարոն Ճուլֆալաքեանը դնի մանտաթը: Ես իր հետ հանդիպել եմ, յորդորել եմ, որ վերանայի իր որոշումը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment