Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հրետակոծութենէն Տուժուած Տաւուշի Սահմանամերձ Գիւղերուն Կը Յատկացուի 277 Միլիոն Դրամ

Հրետակոծութենէն Տուժուած Տաւուշի Սահմանամերձ Գիւղերուն Կը Յատկացուի 277 Միլիոն Դրամ

by MassisPost

Հրետակոծութենէն տուժուած Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերուն կը յատկացուի եւս մօտ 277 միլիոն դրամ։ Նախնական հաշուարկով՝ նախորդ ամսուայ սահմանային լարուածութեան հետեւանքով տուժուած գիւղերուն անհրաժեշտ է առնուազն 302 միլիոն դրամի օգնութիւն։

Գործադիրի այսօրուայ՝  Օգոստոս 6-ի նիստի ընթացքին, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար՝ Սուրէն Պապիկեան յիշեցուց, որ մինչ այդ պետութիւնը 25 միլիոն դրամ տրամադրած էր ։ Շինարարութիւնը արդէն սկիզբ առած է. – «110 միլիոն 581 հազար դրամն ուղղուելու է Այգեպար, Ներքին Կարմիրաղբիւր եւ Չինարիի սահմանամերձ համայնքների բնակիչների վնասուած անշարժ գոյքի փոխհատուցմանը, 84 միլիոն 357 հազար դրամը` Այգեպարի, Մովսէսի, Ներքին Կարմիրաղբիւրի եւ Չինարիի դպրոցների հիմնանորոգմանը եւ ապաստարանների նորոգմանը: Յաւելեմ, որ նշեալ դպրոցները հրետանակոծութիւնից չեն վնասուել, եւ 82 միլիոն 680 հազար դրամը` Ներքին Կարմիրաղբիւր համայնքում պուրակի կառուցման եւ Չինարիում բնակելի տան, օժանդակ շինութիւնների կառուցման եւ տարածքի բարեկարգման համար»:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւելցուց. – «Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղում պուրակ կը հիմնենք աւերուած տներից մէկի տեղում, որովհետեւ այդտեղ մարդ չի ապրում, մենք կը գնենք այդ տարածքը սեփականատիրոջից եւ կը նուիրենք գիւղին»:

Կառավարութեան համար որոշումը կարեւոր է. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յիշեցուց. աւելի վաղ գործադիրը խոստացած էր, որ պիտի աջակցի սահմանապահ համայնքներուն։ Փաշինեանի խօսքով՝ որոշակի ազդակներ կան, որ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով տուժուած գիւղերուն մէջ շինարարութիւնը բաւարար արագութեամբ չի ընթանար։

Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար՝ Սուրէն Պապիկեան յայտնեց, որ երկու օր առաջ եղած է հրետակոծութենէն տուժուած սահմանամերձ գիւղերը եւ ծանօթացած ընթացող աշխատանքներուն: Նախարարի գնահատումով` անոնք բաւարար արագութեամբ կ’ընթանային. – «Իմ կողմից նաեւ յանձնարարական է եղել նոր ֆիզիքական ուժ ներգրաւել, նոր շինարարական ներուժ ներգրաւել»:

Վարչապետը նիստի ընթացքին ընդգծեց, թէ կառավարութեան խնդիրն է, որ շինարարական աշխատանքերը պէտք է կատարուին հնարաւորինս արագ ու որակով. – «Վերջում գալիս է սովորաբար այն, որ աւելի լաւ է այդքան չխորանալ, պեմզա կաղապարով հանգիստ դնել, արագ փակել, փռել, դա մէկ ա ամենաէժան ու արդիւնաւէտ տարբերակն է: Մենք պէտք է դադարեցնենք այս մօտեցումը, մի քառակուսի մեթրի վրայ ինչ որ անում ենք, այդ պուրակը եւ այդ տունը նոր Հայաստանն է, այդքան որ ասում ենք նոր Հայաստան, նոր Հայաստան»:

Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, թէ շինարարական աշխատանքներուն մէջ նաեւ օտարազգիներ ներգրաւուած են, այդ իրավիճակը տարօրինակ համարելով։ Նկատել տուաւ, որ դեռ առկայ է այն խնդիրը, երբ մէկ կողմէն երկրին մէջ գործազրկութիւն կայ, միւս կողմէն ալ՝ աշխատուժի պահանջ։ Շինարարութիւնը կատարող ընկերութեան ներկայացուցիչը, ըստ վարչապետին, յայտնած է, որ օրը 8-էն 10-ը հազար դրամով վարձատրութիւն կրնան ապահովել, սակայն աշխատակիցներ չեն գտներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment