Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է Աջակցութիւն Ցուցաբերելու Լիբանանին

Հայաստանը Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է Աջակցութիւն Ցուցաբերելու Լիբանանին

by MassisPost

Պէյրութ Տեղի Ունեցած Ուժգին Պայթիւնը Խլած Է Առնուազն 135 Հոգիի Կեանք

Լիբանանի մայրաքաղաքը երէկ՝ Օգոստոս 4-ին տեղի ունեցած ուժգին պայթիւնի հետեւանքով զոհուած է առնուազն 135 հոգի, իսկ վիրաւորներուն թիւը մօտ 5  հազար է։ Կը սպասուի, որ այս թիւերը աճին։ Նկատելիօրէն տուժած է կեդրոնական Պէյրութը։ Բազմաթիւ երկիրներ, անոնց կարգին՝ Հայաստանը, պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցութիւն ցուցաբերելու Լիբանանին։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը կապի մէջ են Լիբանանի իշխանութուններուն եւ տեղի հայ համայնքին հետ. կ’ընթանայ կարիքներու գնահատում, որմէ ետք Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի ընէ հնարաւորը բարեկամ Լիբանանին աջակցութիւն ցուցաբերելու համար, այսօր «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ վարչապետի մամլոյ քարտուղաղար՝ Մանէ Գէորգեան։

«Ցնցուած եմ եղբայրական Լիբանանում տեղի ունեցած մահաբեր պայթիւնից։ Քիչ առաջ հեռախօսազրոյց ունեցայ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի հետ։ Իմ զօրակցութիւնը յայտնեցի Արամ վեհափառին, հայ համայնքին, Լիբանանի եղբայրական պետութեանը եւ ժողովրդին: Սգում ենք բոլոր զոհերի մահը եւ ցաւակցում ենք բոլոր զոհերի հարազատներին եւ մտերիմներին։ Կանգնած ենք եղբայրական Լիբանանի կողքին», – ֆէյսպուքի իր էջին վրայ ժամեր առաջ գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Reuters լրատուական գործակալութեան հաղորդումով՝ Լիբանանի նախագահ Միշել Աունը յայտարարած է, որ պայթած է Պէյրութի նաւահանգիստի մօտ պահեստաւորուած 2750 թոն ամոնիոմ նայթրէյթ, որ կը կիրառուի ռումբերու եւ պարարտանիւթերու արտադրութեան մէջ։ Ան մանրամասնած է, որ այդ քանակութեամբ ամոնիոմ նայթրէթ վեց տարի ամբարուած եղած է նաւահանգիստին մօտ՝ առանց անվտանգութեան նորմերու պահպանման։

Associated Press-ի փոխանցումով՝ հիմք ընդունելով ժամանակահատուածը եւ բեռի չափը, ամոնիոմ նայթրէյթ Պէյրութ տեղափոխած է MV Rhosus անունով նաւը 2013 թուականին, երբ տեխնիկական խնդիրներու պատճառով հարկադրուած կայանած է Պէյրութի նաւահանգիստը։ Բեռը կը տեղափոխուէր Վրաստանէն Մոզամպիք։

Ըստ Al Jazeera-ի, Պէյրութի քաղաքապետ՝ Մարուան Ապուտը յայտարարած է, որ անօթեւան դարձած է 200 հազարէն մինչեւ 250 հազար մարդ, իսկ նիւթական վնասը կը գնահատուի 3-5 միլիառ տոլարով։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ քարտուղար՝ Աննա Նաղտալեան կէսօրուայ մօտ ֆէյսպուքեան գրառումով յայտնած է, որ Պէյրութ տեղի ունեցած պայթիւնի հետեւանքով հայազգի մահացածներու թիւը այս պահի դրութեամբ վեցն է, վիրաւորներու թիւը՝ մօտ հարիւր։ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մէջ ձեւաւորուած է աշխատանքային խումբ՝ Լիբանանին թիրախային աջակցութիւն տրամադրումը Լիբանանի ճգնաժամային կառոյցի հետ համակարգելու նպատակով։ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը մշտական կապի մէջ է տեղի պատկան մարմիններուն հետ, միասնաբար գնահատելու լիբանանեան կողմի կարիքները եւ աջակցութեան շրջանակը։ Զուգահեռաբար կապ կը պահպանուի հայ համայնքային կառոյցներուն հետ՝ կարիքները գնահատելու նպատակով։ Լիբանանի մօտ դեսպանութիւնը կ’աշխատի արտակարգ ռեժիմով եւ կը գործէ թէժ գիծը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment