Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Յայտարարութիւնը Լիբանանի Վերաբերեալ

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Յայտարարութիւնը Լիբանանի Վերաբերեալ

by MassisPost

ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ համայն Հնչակեան ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորազգագ ցաւակցութիւնները յայտնելու՝ Պէյրութի նաւահանգիստի ահասարսուռ պայթումին հետեւանքով բոլոր զոհուածներու եւ անյայտ կորածներու ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն, իրենց ծանր կորուստին համար: Մեր շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքները կ’ուղղենք նաեւ բոլոր վիրաւորներուն:

Դժբախտաբար, ամբողջապէս խուսափելի այս ծանր աղէտը պատահեցաւ այնպիսի պահի մը, երբ Լիբանանի ժողովուրդը՝ երկիրը համակած քաղաքական եւ տնտեսական խոր ճգնաժամի հետեւանքով հասած էր ծայրայեղ աղքատութեան եւ յուսահատութեան սեմին: Այսօր, առաւել քան երբեք, հայուն համար Հայաստանէն դուրս երկրորդ հայրենիք նկատուող Լիբանանի մեր քոյրերը եւ եղբայրները մեր բոլորին անմիջական աջակցութեան եւ օժանդակութեան կարիքը ունին:

ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր անվերապահ նեցուկը կը յայտնէ լիբանանահայութեան եւ կոչ կ’ուղղէ համայն հայութեան եւ իր համակիր շրջանակին, անհատապէս կամ հաւաքաբար, գործնապէս մասնակից դառնալու իրենց շրջաններուն մէջ ընթացող դրամահաւաքի աշխատանքներուն:

Դատելով աւերածութեան աստիճանէն, վերականգնման ճանապարհը վստահաբար պիտի ըլլայ երկար եւ դժուար: Սակայն մենք կը հաւատանք, որ հաւաքական ճիգերով եւ միասնական ջանքերով կը կարողանանք յաղթահարել այս դժուարին յանգրուանը:

Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
Օգոստոս 5, 2020

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment