Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Մօտ Ապագային կը Ներկայացուին ՍԴ Դատաւորներու Թեկնածուները

Մօտ Ապագային կը Ներկայացուին ՍԴ Դատաւորներու Թեկնածուները

by MassisPost

Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան այսօր՝ Յուլիս 22-ին, ստորագրած է Յունիս 30-ին խորհրդարանին ընդունած «Սահմանադրական դատարանի մասին» օրէնքի փոփոխութիւնները եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքը։ Օրէնքը ուժի մէջ կը մտնէ, երբ հրապարակուի պաշտօնական տեղակագրով։

Նոր փոփոխութիւններով պիտի լուծուի Բարձր դատարանին մէջ 12 տարի պաշտօնավարած Ալվինա Կիւլումեանի, Ֆելիքս Թոխեանի ու Հրանդ Նազարեանի կենսաթոշակի հարցը: Կ’ամրագրուին նաեւ դատաւորներու թափուր տեղերը։ Աւելի վաղ ալ ուժի մէջ մտած էին սահմանադրական փոփոխութիւնները, որոնք, ըստ իշխող ուժին՝ պիտի լուծեն սահմանադրական ճգնաժամը։

Արդարադատութեան նախարար՝ Ռուստամ Պատասեան այսօր լրագրողներու հետ զրոյցին, բացատրեց, թէ երկու փոփոխութիւնները միասին հնարաւոր չէր կատարել. – «Սահմանադրական մարմինները մօտ ապագայում արդէն պէտք է սկսեն ներկայացնել թեկնածուներին, իսկ օրէնքի ուժի մէջ մտնելը նշանակում է, որ կենսաթոշակի իրաւունքները նախկին դատաւորների, ովքեր արդէն չեն պաշտօնավարում, կ’ապահովուի օրէնքով սահմանուած կարգով, ինչպէս նաեւ անհամապատասխանութիւնը Սահմանադրութեան եւ «Սահմանադրական դատարանի մասին» օրէնքում վերացուեց»:

Իշխանութիւնները կ’ըսեն, թէ անկախ «Սահմանադրական դատարանի մասին» օրէնքի փոփոխութիւն կատարելէ, Հրայր Թովմասեանը արդէն զրկուած է ՍԴ նախագահի պաշտօնէն, մնալով դատաւորի կարգավիճակով, իսկ 12 տարի պաշտօնավարած Ալվինա Կիւլումեանը, Ֆելիքս Թոխեանն ու Հրանդ Նազարեանն ալ հեռացած են դատաւորներու պաշտօնէն։ Աշոտ Խաչատրեան, որպէս տարիքով աւագ դատաւոր ժամանակաւորապէս ստանձնած է բարձր դատարանի նախագահի պարտականութիւնները մինչեւ նոր նախագահի ընտրութիւնը։

«Ազատութիւն»ը այսօր նոր փոփոխութեան վերաբերեալ փորձեց մեկնաբանութիւն ստանալ ՍԴ արդէն նախկին դատաւորներ Ալվինա Կիւլումեանէն, Ֆելիքս Թոխեանէն ու Հրանդ Նազարեանէն: Անոնցմէ միայն Կիւլումեանը պատասխանեց մեր հարցին` ըսելով, որ կը ծանօթանայ օրէնքին, ետքը կը մեկնաբանէ զայն։

3 դատաւորներն ալ աւելի վաղ յայտարարած էին, որ իրենց լիազօրութիւնները դադրեցուած են խախտումներով։ Այդ էր պատճառը, որ անոնք միջնորդութիւն ներկայացուցած էին Եւրոպական դատարան, պահանջելով սառեցնել սահմանադրական փոփոխութիւնները մինչեւ իրենց խախտուած իրաւունքներու վերաբերեալ դիմումի քննութեան աւարտը: Սակայն Եւրոպական դատարանը մերժած էր այս պահանջը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment