Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերպիան Պատրաստ է Հայաստանին Զէնք Վաճառել.Պելկրատէն Կարեւոր Յայտարարութիւն

Սերպիան Պատրաստ է Հայաստանին Զէնք Վաճառել.Պելկրատէն Կարեւոր Յայտարարութիւն

by MassisPost

«Գոյութիւն չունի որեւէ միջազգային սահմանափակում, որու հիման վրայ Սերպիան կարող է հրաժարիլ զէնք վաճառելէ Հայաստանին», – նախօրէին, մեկնաբանելով Պաքուէն հնչող մեղադրանքները, նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Սերպիոյ առեւտուրի նախարար՝ Ռասիմ Լեալիչ։

Պատասխանելով սերպական լրատուամիջոցներու հարցերուն,  նախարարը հաստատած է, որ երկրի տարածքը գործող մասնաւոր զինագործական ընկերութիւններէն քանի մը հատը կը համագործակցին Հայաստանի հետ։

«2020 թուականին, Հայաստանին զէնք մատակարարած են մասնաւոր ընկերութիւնները։ Սերպիա գործող պետական զինագործական ընկերութիւնները այդ գործարքներուն մէջ ներգրաւուած չեն եղած։ Ես չեմ կրնար նշել այդ ընկերութիւններու անուները, սակայն մեր տեղեկութիւններով Հայաստան մատակարարուած են հիմնականօրէն ինքնաձիգեր եւ ատրճանակներ։ Անոնց ընդհանուր արժէքը մէկ միլիոն եւրոյէ ալ պակաս եղած է ։ Այդ սպառազինութիւնը առաքուած է երկու խմբաքանակով՝ Մայիսին եւ Յունիսին», – յայտարարած է սերպ պաշտօնեան՝ յատուկ ընդգծելով, որ Երեւանի հետ կնքուած գործարքը նախապէս արժանացած է Սերպիոյ հինգ գերատեսչութիւններու՝ արտաքին գործոց, ներքին գործոց, պաշտպանութեան եւ առեւտուրի նախարարութիւններու, ինչպէս նաեւ հետախուզական ծառայութեան հաւանութեան։

«Ոչ Եւրոպական Միութիւնը, ոչ Միացեալ Նահանգները եւ ոչ ալ Ռուսաստանը Հայաստանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանած են, ուստի շատ դժուար է մերժել այդ երկրի՝ սպառազինութիւն գնելու առաջարկները», – նշած է Սերպիոյ առեւտուրի նախարարը։

Սերպական սպառազինութեան մատակարարումներու շուրջ սկանդալը ծագեցաւ, Պաքուի մէջ գործող Haqqin.az կայքի Յուլիս 19-ի հրապարակումէն յետոյ, որու համաձայն՝ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը իբր անհերքելի տեղեկութիւններ ստացած է, թէ Պելկրատը Հայաստանին վերջին ամիսներու ընթացքին, տարբեր տրամաչափի ականանետային սպառազինութիւն վաճառած է։ Սերպիոյ առեւտուրի նախարարը սակայն, ականներու մատակարարման տեղեկութիւնը կը շրջանցէ, խօսելով միայն Հայաստան առաքուած հրազէնի մասին։

Haqqin.az-ի այդ հրապարակումը ուղղակի ազդեցութիւն ունեցաւ ոչ միայն Սերպիոյ եւ Ատրպէյճանի, այլեւ Վրաստանի ու Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն վրայ։ Ատրպէյճանական կայքի հրապարակման համաձայն, սերպական սպառազինութիւնը Հայաստան բերուած էր Վրաստանի տարածքով։ Նոյն օրերուն, ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցին, Ռուսաստանէն, Վրաստանի տարածքով «Քամազ» բեռնատարներու խմբաքանակ մը Հայաստան առաքուած էր։

«Այդ բեռնատարները նախատեսուած էին Համազարկային կրակի արձագանգող համակարգերու, «Կրատերի» համար, որպէս  հարթակ օգտագործելու նպատակով», – կը պնդէր Haqqin.az-ի յօդուածագիրը։

Հրապարակումի յաջորդ առաջին 24 ժամերուն, վրացական իշխանութիւնները լուռ էին։ Միայն ընդդիմութեան հնչեցուցած կոշտ գնահատականներէն յետոյ էր, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հարկ համարեց հանդէս գալ յատուկ յայտարարութեամբ՝ կտրականապէս հերքելով ատրպէյճանական մամուլի մէջ տեղ գտած մեղադրանքները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment