Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի՝ ԵՄ Եւ ԵԱՏՄ Միջեւ Ընտրութեան Հարցը Արդէն Իսկ Արդիական Է. Լաւրով

Հայաստանի՝ ԵՄ Եւ ԵԱՏՄ Միջեւ Ընտրութեան Հարցը Արդէն Իսկ Արդիական Է. Լաւրով

by MassisPost

Հայաստանը կը շարունակէ մնալ ՀԱՊԿ-ի լիիրաւ անդամ։ Այս մասին  յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով։

Միաժամանակ ան նշած է, որ Հայաստանի՝ Եւրամիութեան եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան միջեւ ընտրութեան հարցը արդէն իսկ արդիական է։

Լաւրով յայտնած է, որ Հայաստանը արդէն ընդունած է Եւրոմիութեան միանալու մասին օրէնք, ուստի երկրին Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցութեան հարցը հրատապ է եւ պէտք է արագ լուծուի։

«Այս պահուն Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն դուրս գալու մասին խօսք չկայ։ Սակայն Հայաստանը արդէն ընդունած է ԵՄ-ին միանալու մասին օրէնք, ուստի հարցը հրատապ է, պէտք է արագ լուծուի»,- մամուլի ասուլիսին ըսած է Լաւրով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment