ԿԸՅ-ն ամփոփած է բոլոր 2005 ընտրատեղամասի նախնական արդիւնքները։ Քուէարկութեան մասնակցած է 1.477.736 ընտրող։
Նախնական տուեալներով խորհրդարան կ’անցնի 3 ուժ` 2 դաշինք, 1 կուսակցութիւն։
Կուսակցութիւններու պարագային անցողիկ շեմը 4 տոկոսն է, դաշինքներու պարագային՝ 8 տոկոսը։
Նախնական արդիւնքներով խորհրդարան պիտի անցնին հետեւեալ ուժերը՝
«Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւն – 727 827 քուէ – 49,8 %
«Ուժեղ Հայաստան» դաշինք – 340 088 քուէ – 23,28%
«Հայաստան» դաշինք – 145 113 քուէ – 9,93%։
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը չնչին ձայներու տարբերութեամբ չյաղթահարեց անցողիկ շեմը (58 368 քուէ – 3,9 %):
Միւս քաղաքական ուժերը չեն յաղթահարած Ազգային Ժողովին մէջ ներկայացուած ըլլալու անցողիկ շեմը:
Չնայած «Քաղաքացիական Պայմանագիրը» ստացած է ձայներուն մեծ մասը, բայց չի կազմեր սահմանադրական 2/3 մեծամասնութիւն, ինչ որ թոյլ չի տար սահմանադրական օրէնքները միանձնեայ փոփոխելու։
Հայաստանի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեան կը վստահեցնէ՝ Հայաստանի մէջ Յունիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէարկութեան ընթացքին չեն եղած այնպիսի խախտումներ, որոնք կրնան ազդել արդիւնքներուն վրայ։
Վահագն Յովակիմեան այս մասին ըսած է լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ։
Յովակիմեան նաեւ յայտնած է, որ ինք կողմ է բոլոր ընտրատեղամասերուն մէջ ձայներու վերահաշուարկ իրականացնելուն։
«Մենք հիմա գտնւում ենք այնպիսի գծի վրայ, որտեղ մէկ քաղաքական ուժի անցողիկ շեմն, ըստ էութեան, մի քանի ձայնով կարող է որոշուել։ Այդ իսկ պատճառով մեզ հարկաւոր է ունենալ գերճշգրիտ պատկեր»,- նշած է Վահագն Յովակիմեան։
Յիշեցնենք, որ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի կայքին վրայ քուէարկութեան արդիւնքներու հրապարակման օնլայն համակարգով «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան հաւաքած ձայները 4 տոկոս էին, ինչ որ անցողիկ շեմ է, սակայն աւելի ուշ ԿԸՅ նախագահ Վահագն Յովակիմեանի ներկայացուցած տուեալներէն պարզ կը դառնայ, որ ԲՀԿ-ի ձայները 4 տոկոսի չեն հասնիր, հետեւաբար, այս պահի դրութեամբ այն չէ յաղթահարած անցողիկ շեմը։ Այս պահուն առկայ տուեալներով՝ խորհրդարան կ’անցնի երեք քաղաքական ուժ՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը, «Հայաստան» դաշինքը եւ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը։
ԿԸՅ նախագահը պարզաբանած է ԲՀԿ-ի ստացած ձայներուն հետ կապուած անճշտութիւնը։
Յովակիմեան պարզաբանած է, որ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի կայքին վրայ հրապարակուած տուեալներուն մէջ ներառուած չեն ելեկտրոնային քուէարկութեան արդիւնքները, աւելին՝ տոկոսային հաշուարկը, որ կայքի համակարգը կ’ընէ, հարիւրերորդականով հաշուարկուած կը կլորացուի։
«Այս դէպքում մենք գործ ունենք մի իրավիճակի հետ, որ մէկ ձայնը կարող է որոշիչ լինել անցողիկ շեմին շատ մօտ քաղաքական ուժի համար։ Բոլորի ուշադրութիւնն եմ հրաւիրում, որ սրանք նախնական արդիւնքներ են, մենք ունենք ճշգրտման վերահաշուարկի փուլ, այսինքն՝ մենք բոլոր ջանքերը պէտք է կիրառենք, որ մէկ ձայնի ճշգրտութեամբ թուերն ունենանք, եւ այն արդիւնքը, որ կ’ունենանք, պէտք է իտէալական արտացոլի Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրողների կամքը»,- նշած է ան։
Հայաստանի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեան կը վստահեցնէ՝ Հայաստանի մէջ Յունիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէարկութեան ընթացքին չեն եղած այնպիսի խախտումներ,
որոնք կրնան ազդել արդիւնքներուն վրայ, նաեւ յայտարարելով, որ ինք կողմ է բոլոր ընտրատեղամասերուն մէջ ձայներու վերահաշուարկ իրականացնելուն։
«Մենք հիմա գտնւում ենք այնպիսի գծի վրայ, որտեղ մէկ քաղաքական ուժի անցողիկ շեմն, ըստ էութեան, մի քանի ձայնով կարող է որոշուել։ Այդ իսկ պատճառով մեզ հարկաւոր է ունենալ գերճշգրիտ պատկեր»,- նշած է Վահագն Յովակիմեան։


