Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 439-ով, Բուժուածներունը՝ 560-ով, Գրանցուած է Մահուան 16 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 439-ով, Բուժուածներունը՝ 560-ով, Գրանցուած է Մահուան 16 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 439-ով՝ հասնելով 35693-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 16 նոր դէպք, հաղորդած է Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Այսօր՝ Յուլիս 22-ի ժամը 11-ի սահմաններուն, կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 560-ով եւ հասած 24766-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 1718 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 149898-ի:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 678-ի, եւս 217 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն, Հայաստանի մէջ կը բուժուին 10032 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment