Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ոչ Եւս Է Ընկեր Պօղոս Մութաֆեան

Ոչ Եւս Է Ընկեր Պօղոս Մութաֆեան

by MassisPost

Խոր վիշտով իմացանք Լուիզիանա նահանգի Պաթոն Ռուժ քաղաքի Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան ՚Ժիրայր Մուրատՙ մասնաճիւղի վարչութեան նախկին ատենապետ Ընկեր Պօղոս Մութաֆեանի մահը, որ պատահած է Յուլիս 21-ին 90 տարեկանին:

Հանգուցեալը նաեւ անդամ էր Լուիզիանայի Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան վարչութեան: Ան մեծ նուիրումով, անսակարկ կերպով փարած էր իր պատկանած Կուսակցութեան եւ ջերմ հաւատացողն էր անոր գաղափարախօսութեան ու տեսլականին: Ընկ. Մութաֆեան միշտ օգտակար եղած է շրջանի փոքրաթիւ համայնքի անմիջական կարիքներունª արժանանալով բոլորի գնահատանքին:

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանեկան համայն պարագաներուն մասնաւորաբար իր այրիին` Տիկին Ազատուհի Մութաֆեանին:

Հողը թեթեւ գայ յաւերժ ճամբորդին

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին

**********

Պօղոս Մութաֆեանի Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 27 Յուլիս, ժամը 11։00-ին, Պաթոն Ռուժի Ս. Կարապետ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ, ապա հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի եկեղեցւոյ գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Ցաւակցութիւնները կ’ընդունուին հեռաձայնով՝ 1-225-803-9069 եւ ե-նամակով՝ [email protected]

Հանգուցեալի ընտանիքին փափաքով՝ կը խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի նուիրատւութիւններ կատարել «Մասիս»-ին

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment