Ըստ երեւոյթին Ատրպէյճան չէ գոհացած Տաւուշեան սահմանին իր կրած պարտութիւններով եւ կը շարունակէ նոր սադրանքներ կազմակերպելու իր ստոր մօտեցումները։
Երեքշաբթի ուշ երեկոյեան պարզ դարձաւ, որ Ատրպէյճանեան մասնայատուկ ուժեր գրոհ մը կազմակերպած են Տաւուշի «Անվախ դիրք» անունով յայտնի սահմանապահ դիրքին ուղղութեամբ։
Այս մասին գրառած է ՀՀ ՊՆ-ի նախկին մամլոյ խօսնակ եւ ռազմական փորձագէտ՝ Արծրուն Յովհաննիսեան։
Յովհաննիսեան նաեւ նշած է, որ թշնամին ունի բազմաթիւ կորուստներ։