«Ոեւէ մէկը Գագիկ Ծառուկեանին ձրի արդարացրել է՞ , բոլոր կաշառակեր դատաւորները բռնուելու եւ դատուելու են»,
կառավարութեան մէջ նման սպառնալիք հնչեցուց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
«Անունները կը հրապարակուեն ըստ քրէական գործերի, եթէ լինեն այդպիսի քրէական գործեր»,- ըսաւ վարչապետը։
Անդրադառնալով խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ ընդիմադիր ուժերու կողմէ ենթադրեալ ընտրակաշառ բաժնելու դէպքերուն, Փաշինեան ըսաւ, որ այս ընտրութիւններուն ընտրակաշառքի համար «բռնուածները» պէտք է մինչեւ 2031-ի
ընտրութիւններու արդիւնքներու ամփոփումը բանտը ըլլան։ Հակառակ պարագային, ըստ Փաշինեանի, դատաիրաւական համակարգը կը գործէ ընդդէմ պետութեան եւ պետութիւնը պէտք է արձագանգէ։
«Պիտի պատասխան տան, որովհետեւ ինչ է նշանակում բռնել ու արդարացնել Գագիկ Ծառուկեանին ընտրակաշառքի գործով։ Ոեւէ մէկն ուզում ա ասի, որ որեւէ մէկը Գագիկ Ծառուկեանին բռնել է, ձրի արդարացրել է՞։ Ես համակարգին եմ մեղադրում փտած լինելու մէջ։ Փտածները կարող են ցանկացած հարց այսօր լուծել դատական համակարգում»,- ըսաւ վարչապետը։

