Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Առանց Մաքսավճարի եւ Քաշքշուկներու, Շատ Արագ Հայրենադարձը իր Հետ Հայաստան կը Բերէ Անձնական Իրերը

Առանց Մաքսավճարի եւ Քաշքշուկներու, Շատ Արագ Հայրենադարձը իր Հետ Հայաստան կը Բերէ Անձնական Իրերը

by MassisPost

Հայրենադարձութիւնը խթանող օրէնքի նախագիծը կարճ ժամանակուայ մէջ արդէն լաւ արդիւնքներ ցոյց տուած է. Հայաստան մշտական բնակութեան տեղափոխուող 30 քաղաքացի արդէն ստացած է անձնական օգտագործման ապրանքները առանց մաքսային վճարումները ներմուծելու հնարաւորութեամբ: Ընդ որում պարզացած  են նաեւ ընթացակարգերը,  հայրենադարձը իր արտօնութիւնն ու ապրանքները կը ստանայ շատ արագ՝ երբեմն ընդամէնը միայն մաքսային մարմին այցելելով:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով՝ «Ապաւէն» մաքսատան Պետական եկամուտներու Կոմիտէի (ՊԵԿ) մաքսային հսկողութեան վարչութեան ոչ սակագնային կարգաւորման եւ մաքսային ընթացակարգերու համակարգման բաժնի պետ Վաղինակ Ճանինեան նշեց. «Վերջին փոփոխութիւնները շատ դիւրացրել են մշտական բնակութեան ժամանող ֆիզիքական անձանց արտօնութեան տրամադրման հարցը: Արդէն շուրջ երեսուն քաղաքացու ՊԵԿ-ի կողմից տրուել է արտօնութիւնը, այս պահին քննարկման փուլում են հինգ քաղաքացու դիմումներ, որոնք յոյս ունեմ, որ կը բաւարարուեն»:

ՊԵԿ-ի կողմէ արդէն իսկ պատրաստուած է եւ կայքը առկայ է տեսաուղեցոյց, որ մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ, թէ ինչ ընթացակարգերով պէտք է անցնի քաղաքացին: Այս պահուն ՊԵԿ ստորաբաժանումը կ’աշխատի ուղեցոյցին վրայ, որ պիտի տրամադրուի Արտաքին Գործոց Նախարարին եւ Սփիւռքի գործերու յանձնակատարի գրասենեակին, ՀՀ դեսպանատուներուն՝ օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ հայերուն ներկայացնելու նպատակով:

Յայտարարագիրը կը ներկայացուի ելեկտրոնային եղանակով՝ մաքսային  մարմիններու օժանդակութեամբ,  ինչ որ առաւելագոյնը կը տեւէ 1-1.5 ժամ:

Համապատասխան կարգաւորման համար նախագիծը մշակած պատգամաւոր Սիսակ Գաբրիէլեան նկատել տուաւ, որ օրէնքն ու կառավարութեան համապատասխան որոշումը արդէն ուժի մէջ են տասը օր, եւ այս ընթացքին արդէն շուրջ երեսուն հայրենադարձ ստացած է այդ արտօնութիւնը: Միջին հաշուարկով անոնց տրուած արտօնութիւնը կազմած է մօտ 230 հազար տոլար: Հայրենադարձները բերած են անձնական գոյք, ոմանք նաեւ անձնական օգտագործման փոխադրական միջոցներ: Արտօնութիւնը  կ’ընդգրկէ բոլոր այն քաղաքացիները, որոնք վերջին հինգ տարուայ ընթացքին  առնուազն 2.5 տարի չեն եղած ՀՀ: Ընդ որում արտօնութիւնը կը վերաբերի միայն օգտագործուած ապրանքներուն:

Պատգամաւորը նշեց, որ օրէնքի մշակման ընթացքին, սփիւռքէն դրական ազդակներ ստանալով նախատեսած էին, որ ամսական յիսունէն հարիւր ընտանիք կը վերադառնայ, օգտուելով այդ արտօնութենէն, թէեւ «Քորոնա» ժահրի իրավիճակը ներկայիս որոշակի խոչընդոտներ առաջացուցած է:

Արտօնութենէն արդէն օգտուած են հայրենադարձներ ԱՄՆ-էն, Գերմանիայէն, Չինաստանէն եւ Ֆրանսայէն: Պատգամաւորը վստահ է, որ սահմանները բացուելէն յետոյ աշխարհագրութիւնը կ’ընդլայնուի:

Վերա Սահակեան արտօնութիւններէն օգտուածներէն մէկն է, որ վերադարձած է ԱՄՆ-էն, կը պատմէ, որ տղան ամուսնացած եւ մեկնած էր Ամերիկա, ինքն ալ ամուսնոյն հետ տասը տարի յետոյ գացած է որդիին ընտանիքը տեսնելու ու մնացած այնտեղ: «Յետո էլ ցանկութիւն առաջացաւ մեր մէջ, որ պէտք է գնանք մեր երկիրը, դէպի մեր հողը, մեր ջուրը: Անկեղծ եմ ասում՝ հայերի մեծամասնութիւնը ուզում է յետ գալ: Ես, որ պէտք է գայի, ասացին, որ կարող ես քո իրերը տանել: Իմ տան իրերն եմ բերել, աւելորդ ոչինչ չեմ բերել, ինձ ուրիշ ոչինչ պէտք չէր: Օր չի տեւել, առաւօեան եկել ենք, թղթերը պատրաստել ենք, րոպէներ չտեւեց»,- ըսաւ Սահակեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment