«Կառավարութեան որոշումներից մէկով արդէն իսկ մի շարք ապրանքներ՝ մասնաւորապէս ջերմոցային տնտեսութեան ապրանքները, կառավարութեան նախորդ նիստով հաստատուել են, եւ կառավարութիւնը կը յատկացնէ իրենց մաքսատուրքը եւ փոխադրութեան ծախսերի մի զգալի մասը, որի արդիւնքում արդէն իսկ ունենք արտահանումներ Վրաստան, Յունաստան, Ուքրանիա, Ղազախստան եւ այլ երկրներ»:
ՀՀ Ազգային Ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին այս մասին ըսած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան:
Նախարարին խօսքով՝ գործընթացը շարունակական է:
«Մենք ակնկալում ենք շատ աւելի մեծ ծաւալներ: Ըստ էութեան, այստեղ սահմանափակում չկայ: Ինչքան շատ արտահանեն, մենք այդ ամբողջ ծաւալին կօժանդակենք: Ուրախութեամբ պէտք է արձանագրեմ, որ ամէն յաջորդ օրը ծաւալները շարունակական մեծանում են»,- նշած է Պապոյեան:
Անոր խօսքով՝ կառավարութեան նիստին աջակցութեան եւս մէկ նախագիծ պիտի ընդունուի՝ ոչ ջերմոցային արտադրանքի արտահանման փոխադրութեան ծախսերու օժանդակութիւն:
Ըստ Պապոյեանի՝ ՀՀ արտադրանքը բարձր որակի է, կը համապատասխանէ բոլոր չափանիշերուն, սակայն մեր միակ խնդիրն այն է, որ ունինք որոշակի հեռաւորութիւն եւրոպական շուկաներէն եւ փոխադրութեան ծախսերը որոշակիօրէն բարձր են, ինչ որ կ’ազդէ ապրանքներու մրցունակութեան վրայ:

