Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սպիտակ Տունը Թէկուզ Ակամայ` Օգտագործեց «Հայոց Ցեղասպանութիւն» Եզրը. The Washington Post

Սպիտակ Տունը Թէկուզ Ակամայ` Օգտագործեց «Հայոց Ցեղասպանութիւն» Եզրը. The Washington Post

by MassisPost

Սպիտակ տան խօսնակ՝ Քայլի Մըքէնընին անուղղակիօրէն ճանաչած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, գրած է The Washington Post-ը:

Յուլիս 6-ին, Մըքէնընին յիշատակած է Հայոց ցեղասպանութիւնը. նախապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը հրաժարէր ճանաչելէ այս իրադարձութիւնը:

Գործակալութիւնը նշած է, որ հնարաւոր է, թէ ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Տոնալտ Թրամփի ամենամօտ խորհրդականը, Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, ուրախ չըլլան այս կապակցութեամբ:

«Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն հրաժարելէ տասնամեակներ ետք, քանի որ այդ կը վանէր Թուրքիան, Սպիտակ տունը երկուշաբթի օրը յիշատակեց այդ  եզրը, չնայած անուղղակիօրէն»,- նշած է յօդուածը:

Միացեալ Նահանգներու տարածքին, պատմական յուշարձաններ պղծելու արարքներու երեւոյթին անդրադառնալով՝ Սպիտակ տան մամլոյ խօսնակ Քայլի Մըքէնընի ըսաւ.. «Կարծես թէ հասկացողութեան եւ պատմական գիտելիքներու պակասը կայ, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, որ կը յիշատակէ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրները, զոհերը եւ գերիները՝ պղծումի կ’ենթարկուի»:

Այս յայտարարութիւնը կը վերաբերէր քանի մը շաբաթ առաջ Քոլորատօ նահանգի Տենվըր քաղաքի Քափիթոլիոլի մերձակայքը տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի պղծումին։ Ան կ’ակնարկէր ցուցարարներու յանցագործ անյարգալից վերաբերմունքին պատմութեան նկատմամբ:

«Սակայն այս եւս պղտոր ջուրեր մտնել էր ԱՄՆ-ի նախագահի վարչակազմին համար, որ, ինչպէս իր նախորդները, ակնյայտօրէն կը խուսափէր օգտագործել «ց» տառը»,- նշած է գործակալութիւնը։

Միացեալ Նահանգները երկար ժամանակ է, որ կը հրաժարի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչելէ, Մերձաւոր Արեւելքի Թուրքիոյ հետ ռազմավարական դաշինքի պատճառով:

Ըստ յօդուածին, Պարաք Օպաման նախագահի թեկնածու եղած ժամանակ խոստացած էր ճանաչել ցեղասպանութիւնը, բայց չկատարեց իր խոստումը:

Թրամփի վարչակազմը նոյն կերպով կը խուսափի այս հարցով ճնշում գործադրելու ուղղութեամբ Քոնկրէսի աւելի վճռական ջանքերէն։ Մանաւանդ, երբ անցեալ տարի Քոնկրէսի երկու պալատներու ճնշող մեծամասնութեան կողմէ ցեղասպանութիւնը խորհրդանշական կերպով ճանաչող օրինագիծեր ընդունուեցան եւ Թրամփը հրաժարեցաւ զանոնք ստորագրելէ, իսկ Պետական Քարտուղարութիւնը առարկութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարելով, որ այդ քայլը չի բխիր ԱՄՆ-ի քաղաքականութենէն։

Պարբերականը նաեւ նշած է, որ Մըքէնընիի յայտարարութեան արձագանգած է Ամերիկայի հայկական համագումարը։ «Մենք կը գնահատենք, որ (Թրամփի) վարչակազմը ի գիտութիւն ընդունած է այն, որ Տենվըրի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը վանդալիզմի  զոհ դարձած է, ինչպէս նաեւ՝ պատմական գիտելիքներու աւելի լաւ ընկալման անհրաժեշտութիւնը»,- մեջբերած է պարբերականը կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն՝ Պրայեան Արտունիի խօսքերէն:

«Մըքէնընիի կողմէն բուն բառի օգտագործումը յատկապէս ցայտուն է Թրամփի վարչակազմի կողմէ, սակայն՝ հաշուի առնելով այն փաստը, որ Թրամփը դադրեցուցած է առանձնապէս սերտ յարաբերութիւնները Էրտողանի հետ: Բացի այդ, Թրամփը դուրս բերած է  զօրքերը Սուրիոյ հիւսիսէն, ինչպէս կը պնդեն ընդդիմախօսները, անոնց կարգին՝ հանրապետականներ, թոյլ տուին Էրտողանին սպանել քրտերը, որոնք ԱՄՆ-ի դաշնակիցներն էին տարածաշրջանին մէջ, եւ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան նախկին խորհրդական Ճոն Պոլթոնը իր վերջերս լոյս տեսած գրքին մէջ յայտարարած է, որ Թրամփը Էրտողանին ըսած է, որ կը միջամտէ Արդարադատութեան նախարարութեան գործին, ուր թրքական ընկերութիւն ներգրաւուած է: Ըստ ամենայնի, խօսքը Halkbank-ի մասին է»,- նշած է պարբերականը։

The Washington Post-ը նաեւ նշած է, որ Սպիտակ տունը պիտի պնդէ, որ Մըքէնընին պարզապէս յիշատակած է յուշարձանի իրական անունը, բայց նոյնիսկ այդ անուան օգտագործումը, Սպիտակ տան համար երկար տարիներ նպատակայարմար չէ եղած։

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment