Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Պիտի Արտադրուի Տարեկան 50 Հազար ՙՔալաշնիքով՚ Ինքնաձիգ

Հայաստանի Մէջ Պիտի Արտադրուի Տարեկան 50 Հազար ՙՔալաշնիքով՚ Ինքնաձիգ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Պաշտպանութեան նախարար՝ Դաւիթ Տոնոյեանի եւ Բարձր արդիւնաբերութեան նախարար՝ Յակոբ Արշակեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Հայաստանի մէջ բացուած «Քալաշնիքով» ինքնաձիգի արտադրամասը: Վարչապետը շրջայց կատարած է «Նեյթրոն ԳԱՄ» ՓԲԸ (Փակ բաժնետիրական ընկերութիւն) գործարանի  կայանին վրայ հիմնուած «ԱՔ-103 Քալաշնիքով» ինքնաձիգի հաւաքման արտադրամասը եւ ծանօթացած արտադրական գործընթացին: Շրջայցին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի մօտ Ռուսաստանի Դաշնութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Սերկէյ Քոփիրքինը:

Վարչապետը տեղեկացուած է, որ արտադրամասը պիտի արտադրէ տարեկան 50 հազար միաւոր ինքնաձիգ։ Նախատեսուած է նաեւ մանրաթելերու, ինչպէս նաեւ մանրաթելէն տարբեր իրերու արտադրութիւն։

klashinkov-4

Մասնաւորապէս, այստեղ պիտի արտադրուին տեսողական-ելեկտրոնային սարքեր, գիշերային ջերմային նշանոցներ: Ամբողջական փորձարկումէն յետոյ պիտի սկսի արտադրութիւնը եւ մէկ տարուայ ընթացքին պիտի բաւարարէ  ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան պահանջարկը:

Հայաստանի մէջ ռուսական յայտնի ինքնաձիգի արտադրութեան համաձայնագիրը ստորագրուած է 2018 թուականի Օգոստոսին՝ «Royalsys Engineering ltd.» ընկերութեան եւ «Քալաշնիքով» գործարանին միջեւ: Արտադրանքէն մաս մը պիտի համալրէ ՀՀ Զինուած ուժերը, իսկ միւսը՝ պիտի արտահանուի:

Վարչապետ Փաշինեան կարեւորած է մեր երկրին մէջ «Քալաշնիքով» ինքնաձիգի արտադրութեան հիմնադրութիւնը եւ զայն գնահատած է Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ սերտ համագործակցութեան արդիւնք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment