Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան. «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած է 289-ով, Բուժուածներունը՝ 75-ով, Գրանցուած է Մահուան 4 Նոր Դէպք

Հայաստան. «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած է 289-ով, Բուժուածներունը՝ 75-ով, Գրանցուած է Մահուան 4 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ նախորդ մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 289-ով՝ հասնելով 7402-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան եւս 4 դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութիւնը:

Գերատեսչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 75-ով եւ հասած 3220-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած հետազօտութիւններու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 52554:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը մահուան դէպքերու վերաբերեալ կը յայտնէ. «Հիւանդները եղել են 85 (տղամարդ), 70 (կին), 83 (կին), 81 (կին) տարեկան եւ ունեցել են ուղեկցող քրոնիքական հիւանդութիւններ»:

Մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 91-ի, «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւս 39 անձ, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուին 4052 մարդ:

Աւելի վաղ, առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան յայտնած է, որ ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի 250 հիւանդ, 48-ը՝ ծայրայեղ ծանր, 16 հոգի միացուած է արհեստական շնչառական սարքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment