Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արայիկ Յարութիւնեանն ու Սամուէլ Պապայեանը Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրած են

Արայիկ Յարութիւնեանն ու Սամուէլ Պապայեանը Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրած են

by MassisPost

Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան Մայիս 25-ին իր գլխաւորած «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» կուսակցութիւններու դաշինքի անունով համագործակցութեան յուշագիր ստորագրած է «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ՝ Սամուէլ Պապայեանի հետ, կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմէն:

Յարութիւնեան նշած է, որ քաղաքական ուժերու միջեւ համագործակցութիւնը միտուած է երկրին մէջ համերաշխութեան մթնոլորտի պահպանման եւ ծրագրային դրոյթներու շուրջ համատեղ ջանքերու գործադրման, աւելցուցած է, որ ձեւաւորուած օրակարգի ծիրէն ներս «Ազատ հայրենիք – ՔՄԴ» կուսակցութիւններու դաշինքը պատրաստ է համագործակցելու խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական այլ ուժերու հետ:

Սամուէլ Պապայեան եւս կարեւորած է համատեղ փոխ գործակցութեան գաղափարը, ընդգծելով, որ ան յատկապէս պահանջուած է հայրենիքի առջեւ ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները արդիւնաւէտօրէն դիմակայելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment