Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ. «Քորոնա» Ժահրի Երկրորդ Ալիքին Հետ Գործ Ունինք

Վարչապետ. «Քորոնա» Ժահրի Երկրորդ Ալիքին Հետ Գործ Ունինք

by MassisPost

Նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի համաճարակի վերաբերեալ երկրին մէջ հաստատուած է բաւական ծանր իրավիճակ, ըստ էութեան, կրնանք ըսել, որ «Քորոնա» ժահրի երկրորդ ալիքին հետ գործ ունինք, պարէտատան նիստէն յետոյ յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Վարչապետը արձանագրեց, որ պարէտատան սահմանած կանոնները համարժէք են իրավիճակին, բովանդակային առումով ազդու են, եւ խնդիրը կը մնայ այդ կանոնները պահպանելը, այդ իսկ պատճառով ալ վարչական հարկադրանքի միջոցներ կը կիրառեն: «Ուսումնասիրութիւնները ցոյց են տալիս, որ նոյնիսկ տնային պայմաններում պատրաստուած դիմակների որակեալ կրումը կարող են բեկում մտցնել եւ զրոյացնել «Քորոնա» ժահրի տարածման յաճախականութիւնը կամ դրանք մօտեցնել զրոյին: Այնուամենայնիւ, մինչ այժմ գործադրուած վարչական լծակները աւելի կը խստացուեն, կ’իրականացուեն, այսօր արդէն սկսուել են հանրապետութեան ամենատարբեր հատուածներում՝ սկսած ֆիզիքական անձանցից, աւարտած իրաւաբանական անձանցով, տնտեսվարողներով` կանոնների պահպանման վերաբերեալ: Խստացուած ստուգումներ կ’իրականացուեն միջմարզային ճանապարհներին, ընդհուպ մինչեւ անցակէտեր կը սահմանուեն, որպէսզի ստուգուի` արդեօք ինքնաշարժում գտնուող բոլոր քաղաքացիները կրում են դիմակներ` սահմանուած կանոնի համաձայն, ունեն դիմակ, թէ չէ, եւ այն դէպքերում, երբ կանոնները կը խախտուեն, կը կիրառուեն վարչական պատասխանատուութեան խստագոյն մեթոտները: Բայց էլի եմ ասում` մեր հիմնական անելիքն այս հարցում մենք համարում ենք մեր սիրելի քաղաքացիների հետ երկխօսութիւնը»,- շեշտեց Նիկոլ Փաշինեան:

Արտակարգ դրութեան պարէտ Տիգրան Աւինեանը յիշեցուց, որ ՀՀ-ն անցած է ապակեդրոն պայքարի մեթոդին, միաժամանակ չբացառեց, որ որոշակի տարբերակի  պարագային կրկին քարանթինային կանոն կրնայ սահմանուիլ, յատուկ  համայքներու մէջ այդ սահմանուած է, օրինակ` Սեւան եւ Արենի:

Ըստ Պարէտին` վարչական առումով կրկին պիտի ըլլան խստացումներ:

Առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան նշեց, որ եթէ քաղաքացիները պահեն կանխարգելիչ միջոցառումները, վարակի տարածումը վերահսկելի կը դառնայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment