Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած է 452-ով, Բուժուածներունը՝ 81-ով, Գրանցուած է Մահուան Եւս 6 Դէպք

Հայաստան «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած է 452-ով, Բուժուածներունը՝ 81-ով, Գրանցուած է Մահուան Եւս 6 Դէպք

by MassisPost

Հայաստան, նախորդ մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 452-ով՝ հասնելով 7113-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան եւս 6 դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութիւնը:

Գերատեսչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 81-ով եւ հասած 3145-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած հետազօտութիւններու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 51594:

Մահուան դէպքերու վերաբերեալ նախարարութիւնը կը յայտնէ. – «Հիւանդները եղել են 85 (կին), 61 (տղամարդ), 58 (տղամարդ), 69 (տղամարդ), 86 (կին), 67 (տղամարդ) տարեկան եւ ունեցել են ուղեկցող քրոնիքական հիւանդութիւններ: Նախորդ օրը արձանագրուել է մահուան 6 դէպք, երբ հիւանդների մօտ հաստատուել է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ է հասել այլ հիւանդութեան պատճառով»:

«Այլ պատճառով մահերից մէկը, ցաւօք, մայրական մահ է։ 31-ամեայ կնոջ մօտ ծննդաբերութիւնից 5 օր անց, նախնական ախտորոշմամբ, զարգացել է թոքային զարկերակի, ինչի հետեւանքով կինը յանկարծամահ է եղել։ Մահուան վերջնական պատճառը պարզ կը լինի դատաբժշկական փորձաքննութիւնից յետոյ։ Նշենք, որ սա այս տարուայ մայրական մահուան առաջին դէպքն է», – նաեւ ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Մահացածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 87-ի, «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւս 39 անձ, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն տուեալ պահուն, Հայաստանի մէջ կը բուժուին 3842 մարդ:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի դէպքերու ամենամեծ թիւը մէկ օրուայ համար մինչեւ այժմ 374-ն էր, որ արձանագրուած էր Մայիս 22-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment