Կիրակի, Մայիս 24-ին տեղի ունեցաւ Փարիզի արուարձաններէն` հայաշատ Ալֆորվիլի նորընտիր քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու պաշտօնի ստանձման արարողութիւնը:
Քաղաքապետ դարձաւ Լուք Քարվունաս, իսկ ՍԴՀԿ Ֆրանսայի շրջանի ատենապետ՝ Սարօ Մարտիրեան ընտրուեցաւ քաղաքապետի տեղակալ:
Այս առթիւ իր ունեցած ելոյթին մէջ Մարտիրեան յատկապէս ըսաւ-. «41 տարիներ առաջ այս քաղաքը հիւրընկալեց մեր ընտանիքի անդամները եւ առիթը տուաւ դառնալու այն ինչ որ եմ այսօր: Այժմ եկած է հերթը ինծի` վերադարձնելու Արֆորվիլին եւ ծառայելու յանձնառութեամբ եւ անձնազոհութեամբ:
«Այս առթիւ շնորհակալ եմ իմ ծնողներուն, որոնք Թուրքիայէն եկան այստեղ, որպէսզի ես ունենամ աւելի լաւ ապագայ: Շնորհակալ են Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան իմ ընկերներուն, իրենց աջակցութեան համար եւ յատուկ շնորհակալութիւն իմ տիկնոջ` Ֆլորա Յակոբեանին, որ նեցուկ եղաւ ինծի` տունէն իմ եկար բացակայութիւններու ընթացքին:
«Ես հպարտ եմ կրելու այս եռագոյն ժապաւէնը: Ինչպէս շատ հայեր, մենք կրողներն ենք Ֆրանսայի արժէքներուն, պատմութեան եւ մշակոյթին, որ դարձուցած ենք մերը ու կը պահենք մեր Հայկական աւանդոյթներու կողքին:
«100% Ֆրանսացի, 100% Հայ, ինչպէս կը սիրէր ըսել Շարլ Ազնավուր»:
Ալֆորվիլի մէջ կը գտնուի Հայոց Եկեղեցին եւ կան փողոցներ Կոմիտասի եւ Միսաք Մանուշեանի անուններով:
Ալֆորվիլ քոյր քաղաք է Աշտարակի հետ` 1993 թուականէն ի վեր, իսկ Օշականի հետ` 2001-էն ասդին:
ՍԴՀԿ Մամլոյ Դիւան