Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած է 230-ով, Բուժուածներունը՝ 255-ով, Գրանցուած է Մահուան Եւս 3 Դէպք

Հայաստան «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած է 230-ով, Բուժուածներունը՝ 255-ով, Գրանցուած է Մահուան Եւս 3 Դէպք

by MassisPost

Հայաստան նախորդ մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը աճած է 230-ով՝ հասնելով 5271-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան եւս 3 դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութիւնը:

Գերատեսչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 255-ով եւ հասած 2419-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած հետազօտութիւններուն ընդհանուր թիւը կը կազմէ 44071:

Մահուան դէպքերուն վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ. – «Հիւանդները եղել են 78 (տղամարդ), 65 (տղամարդ), 68 (տղամարդ) տարեկան եւ ունեցել են ուղեկցող քրոնիքական հիւանդութիւններ: Նախորդ օրը արձանագրուել է մահուան 2 դէպք, երբ հիւանդների մօտ հաստատուել է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ է հասել այլ հիւանդութեան պատճառով»:

Մահացածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 67-ի, «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւս 27 անձ, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն, տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուին 2758 մարդ:

Նշենք, որ փաստացի բուժուողներուն թիւը նախորդ օրուայ համեմատ նուազած է 30-ով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment