Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Զինուոր մը Մահացած է

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Զինուոր մը Մահացած է

by MassisPost

Մայիս 19-ի երեկոյեան, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի զինծառայող մահացած է կրակոցէ, դեռեւս չպարզուած հանգամանքներով:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ 20-ամեայ զինծառայող Հենրիկ Սամսոնի Արամեանը մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ժամը 20:32-ի սահմաններուն, ՊԲ արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ:

Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի ռազմական գերատեսչութիւնը «կիսում է կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնում մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներին, հարազատներին ու ծառայակիցներին», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Քննչական կոմիտէն կը յայտնէ, որ պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, շարքային Հենրիկ Արամեանը հրազէնային վիրաւորումը ստացած է գլուխի շրջանը:

Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ քրէական գործ յարուցուած է Քրէական օրէնսգրքի 104-րդ յօդուածի առաջին մասով նախատեսուած յանցագործութեան, սպանութեան յատկանիշներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment