Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ծեծկռտուք Ազգային Ժողովին Մէջ

Ծեծկռտուք Ազգային Ժողովին Մէջ

by MassisPost

Մայիս 8-ին, խորհրդարանին մէջ ծեծկռտուք սկսաւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեանի եւ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Սասուն Միքայէլեանի միջեւ, որ դադրեցաւ գործընկերներու միջամտութեամբ:

Մարուքեան ամպիոնէն ելոյթ կ’ունենար քննադատելով իշխող խմբակցութեան պատգամաւորները: Ի պատասխան՝ «Իմ քայլ»-էն  դիտողութիւններ կը հնչէին, իսկ Միքայէլեանի արձագանքէն յետոյ, ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավարը իջաւ ամպիոնէն, իշխող խմբակցութեան պատգամաւորն ալ ելաւ տեղէն, ու իրենց միջեւ քաշքշուկ սկսաւ:

Պատգամաւորները եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ նիստին ներկայ Կառավարութեան անդամները յաջողեցան բաժնել կռուողները, որմէ յետոյ Մարուքեան վերադարձաւ ամպիոն շարունակելու ելոյթը, եւ յայտարարեց. – «Ինձ ինչքան էլ խփէք, ես խօսալու եմ: Մէկը էկաւ, էն ո՞վ էկաւ՝ թաքուն մէջքից խփեց, թաքուն մէջքիս խփեց»:

Միքայէլեան կը շարունակէր իր տեղէն, ձեռքը պարզելով, բուռն ձեւով արձագանգել ընդդիմադիր պատգամաւորի խօսքերուն, «Լուսաւոր Հայաստան»-ի առաջնորդը այսպէս պատասխանեց. – «Արա իմ վիզը կտրողը չի ծնուել, հերիք ա ստեղ «շմայսութիւն» անես, է, հանգիստ քեզ պահի , հանգիստ քեզ պահի: Հերիք ա, չի լինելու էս մշակոյթը ստեղ: Յեղափոխութիւն ա էղել նաեւ էդ մշակոյթի համար: Հերիք ու շատ  եղաւ: Ձեւ չկայ: Գալիս մէջքից խփում է՞ք արա»:

Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան ընդհատեց նիստը եւ յայտարարեց ընդմիջում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment