Home Uncategorized Ողջոյնի Խօսք Լիբանանահայութեան

Ողջոյնի Խօսք Լիբանանահայութեան

by MassisPost

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020-ին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան կարճ տեսահոլովակով իր զօրակցական ու քաջալերական խօսքը ուղղեց Լիբանանահայութեան՝ նկատի ունենալով երկրին տնտեսական սուր տագնապը, ինչպէս նաեւ թագաժահրի համաճարակի հետեւանքով գաղութին ապրած տուայտանքը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Պարոն Խանճեանի պատգամը։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան անունով կ՛ողջունեմ տասնամեակներ շարունակ սփիւռքահայութեան բաբախող սիրտը հանդիսացող Լիբանանահայութիւնը՝ գաղութի էութիւնը կազմող ամէն մէկ հարազատ զաւակով:

Մենք գիտակից ենք տնտեսական սուր տագնապի եւ թագաժահրի համաճարակի հետեւանքը եղող գաղութի ապրած տուայտանքին, մօտէն կը հետեւինք ամէնօրեայ դժուարութիւններու եւ հաւատարիմ Աւետարանչականի հարիւրամեայ առաքելութեան, Քրիստոսի օրինակով, գործնականապէս կը սատարենք ժողովուրդի եւ կառոյցներու առողջութեան եւ կենսունակութեան:

Հաւատքի սիւներու վրայ խարսխուած յանձնառութեամբ կը հաւատանք՝ թէ հայու փիւնիկեան նկարագրով, պատմութեան էջերուն պիտի յանձնենք այս տագնապն ալ վերականգնելու համար Սփիւռքեան յառաջադէմ գաղութը ըլլալու Լիբանանահայութեան բարի եւ օրինակելի դիմագիծը:

Բարին ընդ ձեզ՝ սիրելի հարազատներ:

Զաւէն Խանճեան
Գործադիր Տնօրէն

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment