Հայաստան նախորդ մէկ օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 102-ով՝ հասնելով 2 հազար 884-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան երկու նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնը:
Կեդրոնի պաշտօնական կայքին Մայիս 7-ի ժամը 11-ին հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 50-ով եւ հասած 1185-ի:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած հետազօտութիւններու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 28 հազար 17:
Մահուան նոր դէպքերուն վերաբերեալ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ. – «Հիւանդները եղել են 78 (տղամարդ) եւ 66 (տղամարդ) տարեկան, ունեցել են ուղեկցող քրոնիքական հիւանդութիւններ: Նախորդ օրը արձանագրուել է մահուան 2 դէպք, երբ հիւանդների մօտ հաստատուել է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ է հասել այլ հիւանդութեան պատճառով»։
Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուին 1648 մարդ:
Մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 42-ի, «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւս 9 անձ, ըստ Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնին, մահացած է այլ պատճառներով: