Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախկին Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հրաւիրուած է Ապրիլեան Յանձնաժողովի Նիստին

Նախկին Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հրաւիրուած է Ապրիլեան Յանձնաժողովի Նիստին

by MassisPost

Ապրիլեան պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող խորհրդարանական քննիչ յանձնաժողովը հրաւէր ուղարկած է Հայաստանի նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեանին, մասնակցելու համար յանձնաժողովի Մայիս 11-ի դռնփակ նիստին։ Տեղեկութիւնը «Ազատութեան» փոխանցեց յանձնաժողովի նախագահ՝ Անդրանիկ Քոչարեան։

Կարէն Կարապետեան 2017 թուականի Մարտին, խորհրդարանին մէջ յայտարարած էր, թէ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ եղած են բազմաթիւ դէպքեր, երբ ռազմական   հրասայլերը չեն  աշխատած անորակ վառելանիւթի պատճառով։

Արդեօք Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան օրօք վարչապետի պաշտօնը գրաւած Կարապետեան ընդունած է հրաւէրը, թէ՝ ոչ, յանձնաժողովը պաշտօնական պատասխան չէ ստացած դեռ ։

Ըստ Անդրանիկ Քոչարեանի՝ յանձնաժողովի փորձագէտը հրաւէրը յանձնած է Կարապետեանի գրանցման հասցէով, տան աշխատակիցը գրաւոր հաւաստիցուցած է, որ ստացած է ու տեղեկացուցած, որ նախկին վարչապետը այժմ Հայաստան կը գտնուի։

Մայիս 8-ին, նշանակուած է նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գործով դատական նիստը։ Իր պաշտպանները աւելի վաղ, դատարանին ներկայացուցած են Հայաստանի եւ Ղարաբաղի նախկին վարչապետներուն, անոնց կարգին նաեւ Կարէն Կարապետեանի երաշխաւորութիւնը՝ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոց կալանքը փոխելու վերաբերեալ։ Հնարաւոր է, որ դատարանը կը քննարկէ այդ միջնորդութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment