Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Հայաստանի Մէջ Աւելցաւ 73-ով` Հասնելով 736-ի. Կայ Մահուան 7 Դէպք

«Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Հայաստանի Մէջ Աւելցաւ 73-ով` Հասնելով 736-ի. Կայ Մահուան 7 Դէպք

by MassisPost

Երեք մահ վերջին մէկ օրուան ընթացքին․ «Նորք» վարակաբանական հիւանդանոցին մէջ մահացածները 68, 76 ու 78-ամեայ հիւանդներ էին: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն բացի, անոնք երեքն ալ, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, երկկողմանի թոքաբորբ ունէին, նաեւ՝ ուղեկցող քրոնիկ հիւանդութիւններ:

Մահացածներէն 78-ամեայ կինը, նոյն աղբիւրի փոխանցմամբ, Հայաստանի քաղաքացի չէր։ Մահուան դէպքերու թիւն այսպիսով հասաւ 7-ի։

Առողջապահութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեանը «Ազատութեան» փոխանցած է` երեք մահացածներու վիճակն ալ ծայրայեղ ծանր էր: Նախարար Արսէն Թորոսեանը յայտարարած էր, որ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի 5 հիւանդ:

«Ապրիլի 2-ին գրանցուած երեք մահերը եղել են ծայրայեղ ծանր վիճակում, եւ նրանց կեանքը չի յաջողուել փրկել, ինչպէս աւելի վաղ յայտնել էինք, ուղեկցուող քրոնիկ հիւանդութիւնների պատճառով, դրանք նպաստել են աւելի շատ»,- նշած է խօսնակը:

«Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը Հայաստանի մէջ առաւօտեան 11-ի տուեալներով` 736 է, վերջին 24 ժամուան ընթացքին յայտնաբերուած են 73 նոր վարակակիրներ։ Այս պահին կը բուժուի 686 մարդ, ապաքինուածները 43-ն են, անոնցմէ տասը, առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի փոխանցմամբ, հիւանդանոցներէն դուրս գրուած են՝ կրկնակի հետազօտութեան բացասական արդիւնքիվ։

Պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը «Ազատութեան» փոխանցած է՝ այս պահու դրութեամբ բանակին մէջ «Քորոնա» ժահրի վարակուածութեան նոր դէպք չէ յայտնաբերուած, մինչեւ այսօր 6 դէպքի մասին հաղորդուած էր: Առողջապահութեան նախարարը Ֆեյսպուքի մէջ «Քորոնա» ժահրի բուժման համար առանձնացուած բուժհաստատութիւններու թիւ նշած էր՝ 9 հիւանդանոց, անոնցմէ մէկը` միայն երեխաներու համար՝ ընդհանուր մօտ 1400 մահճակալով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment