Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Պետական Համակարգին Մէջ Ծրարով Աշխատավարձ Ստացողներ Չկան Եւ Չպիտի Լինեն». Նիկոլ Փաշինեան

«Պետական Համակարգին Մէջ Ծրարով Աշխատավարձ Ստացողներ Չկան Եւ Չպիտի Լինեն». Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, որ պետական համակարգին մէջ ներկայիս, ծրարով աշխատավարձ ստանալու դէպքեր չկան եւ պէտք չէ ըլլան: Վարչապետը կոչ կ’ուղղէ նման բան նկատելու պարագային անպայման յայտնել:  Փաշինեան այս մասին վստահեցուցած է Ազգային Ժողովին մէջ, կառավարութեան անդամներու հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ, պատասխանելով Լուսաւոր Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Մանէ Թանդիլեանի հարցումին:

Մանէ Թանդիլեանը նկատեց, որ բազմաթիւ հրապարակումներ եղած են այն մասին, որ պետական համակարգի մէջ  ծրարով աշխատավարձ ստանալու դէպքեր արձանագրուած են: Ան յիշեց, որ կառավարութեան ծրագիրը ներկայացուցած ժամանակ Ազգային Ժողովի ամպիոնէն վարչապետ Փաշինեան  նշած էր, որ պարգեւավճարներ ստացող պաշտօնեաները ծրարով փող ստացած են: Պատգամաւորը հետաքրքրուած է, թէ արդեօք այս երկու տարուայ ընթացքին իրաւապահ մարմինները զբաղած են վարչապետի այդ յայտարարութեամբ եւ արդեօք նման քորուփցիա  բացայայտուած է: Նաեւ թէ արդեօք նման հնարաւոր դէպքերու մասին վարչապետը հարցուցած է իր կառավարութեան նախարարներուն:

Փաշինեան նշեց, վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէն յետոյ այնքան յայտարարութիւններ ըրած է, որ իրաւապահ մարմինները ակնյայտօրէն չեն հասցուցած  անոնցմով զբաղիլ: Եւ ինքն ալ քանի անգամ իր դժգոհութիւնը յայտնած է, որ իրաւապահ մարմինները ամբողջ ծաւալով չեն կատարեր այն հակաքորուփցիա քաղաքականութիւնը, որ ինք կ’ակնկալէ: «Ինչ վերաբերուում է այսօրուայ կառավարութեան անդամներուն, ես նախարարներուն հարցաքննելու սովորութիւն չունեմ եւ ցանկութիւն էլ չունեմ: Եւ, երբ ի վերջոյ իրաւապահ մարմինները այնքան արդիւնաւէտ կը լինեն, որ կը հասցնեն իմ բոլոր յայտարարութիւններով զբաղուել, կարծում եմ, որ դա կը նշանակի, որ մենք համակարգային լուրջ յաջողութիւններու ենք հասել»,-ըսաւ վարչապետը ու շեշտեց, որ յանձնարարելու կարիք չկայ, որ իրաւապահ մարմինները պէտք է անով զբաղին:

Ան նկատեց, որ նման գործընթաց կրնայ տեղի ունենալ երկու մարդու միջեւ, եւ այդ գործընթացներու բացայայտման հետ կապուած ամէն ինչ չէ, որ հեշտ է: «Յամենայնդէպս այն պահին, երբ ես նման յայտարարութիւնն արել եմ եւ դրանից էլ շատ առաջ, այդ երեւոյթն արդէն իսկ դադարեցուած է եղել, բացառուել է նման երեւոյթի գոյութիւնը: Եւ եթէ յանկարծ այդպիսի տեղեկութիւններ  ունենաք, խնդրում եմ անպայման յայտնէք դրա մասին: Այդպիսի բան չկայ եւ չպէտք է լինի»,-վստահեցուց Փաշինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment