Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սամուէլ Մայրապետեանի Նկատմամբ Հետախուզում Յայտարարուած է

Սամուէլ Մայրապետեանի Նկատմամբ Հետախուզում Յայտարարուած է

by MassisPost

Սամուէլ  Մայրապետեանի դէմ  յայտարարուած է հետախուզում: Այս մասին յայտնած է Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՅՔԾ):

Մայրապետեանի նկատմամբ անձնական երաշխաւորութիւնը վերացած է: (ՅՔԾ) Յատուկ քննչական ծառայութիւնը միջնորդութիւն ներկայացուցած է դատարան, Ս. Մայրապետեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար:

«Սամուէլ  Մայրապետեանը վարոյթն իրականացնող մարմնի կանչով խուսափել է ներկայանալ վարոյթն իրականացնող մարմին, իսկ նրա անձնական երաշխաւորութիւնն ստանձնած անձինք չեն կարողացել ապահովել նրա ներկայանալը Յատուկ քննչական ծառայութիւն», – յայտնած է ՅՔԾ-ը:

Գործարարին  համար անձնական երաշխաւորութիւն ներկայացուցած են 15-ական միլիոն դրամ վճարած յայտնի վիրաբոյժ, փրոֆեսոր Ռուբէն Ֆանարճեանը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգի ղեկավար, տէր Վահրամ քահանայ Մելիքեանը: Քննիչի կողմէ որոշուած էր, մուծուած գումարը պետական եկամուտ դարձնել:

Գործարարը մեղադրուած է 7 միլիոն տոլար կաշառք ստանալու օժանդակելու մէջ:

Իշխանափոխութենէն յետոյ գործարար Սիլվա Համբարձումեան յայտնած էր, որ Մայրապետեանին տարիներ առաջ 7 միլիոն տոլար տուած է, որպէսզի վերջինս զայն փոխանցէ Ռոպերթ Քոչարեանին, Սերժ Սարգսեանին եւ Արմէն Գէորգեանին։

Սամուէլ  Մայրապետեան ձերբակալուած էր 6 հոկտեմբեր, 2018-ին: 27 Դեկտեմբերին Մայրապետեանը 30 միլիոն գրաւով ազատ արձակուած էր, նկատի առնելով անոր առողջական վիճակը: Իր փաստաբանները պնդած էին, որ Մայրապետեանն պէտք է վիրահատուի Գերմանիա ։

Յունուարին ՅՔԾ-ն թոյլատրած էր Մայրապետեանին մեկնիլ երկրէն, հիմք ընդունելով առողջապահութեան նախարարի հրամանով հրաւիրուած բժշկական խորհրդատուական եզրակացութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment